Խաղաղապահները 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխած են Ստեփանակերտ

Ռուսական խաղաղապահներու «Թելեկրամ»ի ալիքը հաղորդած է, որ զօրախումբի զինուորները Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գործարանին փոխանցած են 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն: «Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողները՝ «Հայեր միացէք» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան հետ համատեղ Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխեցին եւ Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գործարանին փոխանցեցին 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն»,  տեղեկացուցած է ալիքը: Ասոր զուգահեռ, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ 8 Փետրուարին Արցախէն Հայաստան տեղափոխած են 17 անձեր։ Այս մասին կը հաղորդած է ԿԽՄԿի  պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի: «Ընտանիքի վերամիաւորման նպատակով մեր միջնորդութեամբ 17 անձ տեղափոխուել է Հայաստան», նշած է ան։
9 Փետրվարի 2023
2 ր. ընթերցում
Խաղաղապահները 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխած են Ստեփանակերտ

Ռուսական խաղաղապահներու «Թելեկրամ»ի ալիքը հաղորդած է, որ զօրախումբի զինուորները Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գործարանին փոխանցած են 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն:

«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողները՝ «Հայեր միացէք» միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան հետ համատեղ Լեռնային Ղարաբաղ տեղափոխեցին եւ Ստեփանակերտի կաթնամթերքի գործարանին փոխանցեցին 25 թոն մարդասիրական օգնութիւն»,  տեղեկացուցած է ալիքը:

Ասոր զուգահեռ, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ 8 Փետրուարին Արցախէն Հայաստան տեղափոխած են 17 անձեր։ Այս մասին կը հաղորդած է ԿԽՄԿի  պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի:

«Ընտանիքի վերամիաւորման նպատակով մեր միջնորդութեամբ 17 անձ տեղափոխուել է Հայաստան», նշած է ան։

Եթէ որեւէ առաքելութիւն չի գիտեր, թէ որն է ՀՀ տարածքը, ինչպէ՞ս պիտի դիտարկէ՝ բռնագրաւուա՞ծ է ՀՀ տարածքը, թէ՞ ոչ․ Նիկոլ Փաշինեան՝ ՀԱՊԿ մասին
Նախորդ նիւթը

Եթէ որեւէ առաքելութիւն չի գիտեր, թէ որն է ՀՀ տարածքը, ինչպէ՞ս պիտի դիտարկէ՝ բռնագրաւուա՞ծ է ՀՀ տարածքը, թէ՞ ոչ․ Նիկոլ Փաշինեան՝ ՀԱՊԿ մասին

Հայաստան երկրաշարժէն տուժածներուն 30 թոն օգնութիւն ուղարկեց Սուրիա
Յաջորդ նիւթը

Հայաստան երկրաշարժէն տուժածներուն 30 թոն օգնութիւն ուղարկեց Սուրիա

ԱնցնիլՎեր