Կէսգիշերէն ետք թշնամական ներթափանցող խումբը փորձած է յաջողութեան հասնիլ Շուշիի ուղղութեամբ, բայց ետ շպրտուած է. ՊԲ

Գիշերուայ ընթացքին յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով: Թշնամին շարունակած է, բացի պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն, հրթիռահրետանային կրակի տակ պահել նաեւ խաղաղ բնակավայրերը: Քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան տուժածներ: Կէսգիշերէն ետք թշնամական ներթափանցող խումբը փորձած է յաջողութեան հասնիլ Շուշիի ուղղութեամբ, սակայն, հանդիպելով բանակային ստորաբաժանումներու եւ կամաւորականներու կազմակերպուած դիմադրութեան եւ կրելով մեծաթիւ կորուստներ, ետ շպրտուած է: Ներկայ պահուն յայտնաբերուած թշնամական խումբի շրջափակման ու ոչնչացման գործողութիւնները կը շարունակուին: Մարտավարական իրադրութիւնը ճակատային գիծի ամբողջ երկայնքով կը վերահսկեն ՊԲ ստորաբաժանումները:
4 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Կէսգիշերէն ետք թշնամական ներթափանցող խումբը փորձած է յաջողութեան հասնիլ Շուշիի ուղղութեամբ, բայց ետ շպրտուած է. ՊԲ

Գիշերուայ ընթացքին յարաբերական կայուն լարուածութիւնը պահպանուած է ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով: Թշնամին շարունակած է, բացի պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն, հրթիռահրետանային կրակի տակ պահել նաեւ խաղաղ բնակավայրերը: Քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին կան տուժածներ:

Կէսգիշերէն ետք թշնամական ներթափանցող խումբը փորձած է յաջողութեան հասնիլ Շուշիի ուղղութեամբ, սակայն, հանդիպելով բանակային ստորաբաժանումներու եւ կամաւորականներու կազմակերպուած դիմադրութեան եւ կրելով մեծաթիւ կորուստներ, ետ շպրտուած է:

Ներկայ պահուն յայտնաբերուած թշնամական խումբի շրջափակման ու ոչնչացման գործողութիւնները կը շարունակուին:

Մարտավարական իրադրութիւնը ճակատային գիծի ամբողջ երկայնքով կը վերահսկեն ՊԲ ստորաբաժանումները:

Շուշիի ուղղութեամբ կ'իրականացուին հակառակորդի յայտնաբերուած խումբի շրջափակման եւ ոչնչացման գործողութիւններ
Նախորդ նիւթը

Շուշիի ուղղութեամբ կ’իրականացուին հակառակորդի յայտնաբերուած խումբի շրջափակման եւ ոչնչացման գործողութիւններ

Շուշիի ուղղութեամբ կիրառուած է ծանր հրետանի․ կան տուժածներ, աւերածութիւններ
Յաջորդ նիւթը

Շուշիի ուղղութեամբ կիրառուած է ծանր հրետանի․ կան տուժածներ, աւերածութիւններ

ԱնցնիլՎեր