կը խնդրենք ձեզմէ գործադրել բոլոր հնարաւոր ջանքերը պատերազմի դադրեցման եւ քաղաքական գործընթացներու վերսկսման ուղղութեամբ. ․ ԱՀ նախագահը՝ Փութինին

ԱՀ նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան բաց նամակ յղած է  ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինին.- «Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ պարոն Վլատիմիր Փութինին Մեծարգոյ Վլատիմիր Վլատիմիրի Արցախ-Ռուսաստան առնչութիւնները դարերու պատմութիւն ունին: Ռուսաստանը արցախցիներու պատմական յիշողութեան մէջ կ’ընկալուի, որպէս եղբայրական երկիր, որ միշտ, բոլոր դժուար իրավիճակներուն ձեռք մեկնած է հայութեան այս հատուածին: Արցախ-Ռուսաստան առնչութիւնները ամենաուղիղ կերպով իրականացուած են յատկապէս Արցախի մելիքութիւններու եւ մելիքական տուներու ծաղկուն շրջանին, որու մասին փաստական վկայութիւնները բազմաթիւ են: Մէկ հարիւրամեակէն աւելի, /19-րդ դարու եւ 20-րդ դարու 10-ական թուականներուն/ Ղարաբաղը գտնուած է ցարական Ռուսաստանի կազմէն ներս: Այդ պատմական ժամանակաշրջանը Ղարաբաղի համար նշանաւորուած է երկարատեւ խաղաղութեամբ, հայրենադարձութեամբ եւ տնտեսական զարգացմամբ: Զարգացած է նաեւ մշակութային
23 Հոկտեմբերի 2020
15 ր. ընթերցում
կը խնդրենք ձեզմէ գործադրել բոլոր հնարաւոր ջանքերը պատերազմի դադրեցման եւ քաղաքական գործընթացներու վերսկսման ուղղութեամբ. ․ ԱՀ նախագահը՝ Փութինին

ԱՀ նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան բաց նամակ յղած է  ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինին.-

«Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ

պարոն Վլատիմիր Փութինին

Մեծարգոյ Վլատիմիր Վլատիմիրի

Արցախ-Ռուսաստան առնչութիւնները դարերու պատմութիւն ունին: Ռուսաստանը արցախցիներու պատմական յիշողութեան մէջ կ’ընկալուի, որպէս եղբայրական երկիր, որ միշտ, բոլոր դժուար իրավիճակներուն ձեռք մեկնած է հայութեան այս հատուածին:

Արցախ-Ռուսաստան առնչութիւնները ամենաուղիղ կերպով իրականացուած են յատկապէս Արցախի մելիքութիւններու եւ մելիքական տուներու ծաղկուն շրջանին, որու մասին փաստական վկայութիւնները բազմաթիւ են:

Մէկ հարիւրամեակէն աւելի, /19-րդ դարու եւ 20-րդ դարու 10-ական թուականներուն/ Ղարաբաղը գտնուած է ցարական Ռուսաստանի կազմէն ներս: Այդ պատմական ժամանակաշրջանը Ղարաբաղի համար նշանաւորուած է երկարատեւ խաղաղութեամբ, հայրենադարձութեամբ եւ տնտեսական զարգացմամբ: Զարգացած է նաեւ մշակութային կեանքը: Յատկանշական է, որ 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն Արցախի վարչաքաղաքական կեդրոն Շուշին դարձած էր Անդրկովկասի հոգեւոր, մշակութային եւ տնտեսական կարեւոր կեդրոններէն մէկը:

Նոյն պատմաշրջանին Ռուսական կայսրութեան ռազմաքաղաքական եւ հասարակական կեանքի առաջնային դերակատարութիւնը ունեցած է արցախահայութեան ողջ համաստեղութիւն մը՝ Վալերիան Մատաթով, Յովհաննէս Լազարեւ, Լազար Սերեպրեակով, Միքայէլ Լոռիս-Մելիքով, Վասիլի Պեհպութով եւ ուրիշներ:

Այդ առնչութիւնները շարունակուած են նաեւ խորհրդային շրջանին: Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզէն եւ պատմական Արցախէն Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցած է շուրջ 90 հազար հայորդի, որոնց կէսը իրենց կեանքը նուիրաբերած են հայրենիքի պաշտպանութեան գործին։ Մէկ շունչի հաշուով Խորհրդային Միութեան հերոսներու եւ մարտական «Փառքի շքանշանի» ասպետներու քանակով, Արցախը ԽՍՀՄ-ի մէջ կը զբաղեցնէր առաջատար տեղերէն մէկը:

ԽՍՀՄ հայազգի հինգ մարշալները արմատներով Արցախէն էին՝ Յովհաննէս Բաղրամեանը, Իվան Իսակովը, Համազասպ Պապաճանեանը, Արմենակ Խանփերեանցը (Սերկէյ Խուտեակով), Սերկէյ Ականովը։ Իրենց զօրավարական տաղանդով փայլած են 30-էն աւելի զօրավարներ ու հազարաւոր սպաներ։

Արմատներով Արցախէն էին Անասթաս եւ Արտեոմ Միկոյեանները, Իվան Թեւոսեանը, Անդրանիկ Իոսիֆեանը, Նիքոլայ Ենիքոլոփովը, Միքայէլ Թարիվերտիեւը եւ բազմաթիւ այլ երախտաւորներ:

Արցախ-Ռուսաստան սերտ առնչութիւնները կը շարունակուին ցայսօր: Ռուսաստանաբնակ մօտ 3 միլիոն հայերու մէկ պատկառելի մասը Արցախէն է, որոնց կարգին շատ են նաեւ 1980-ական թուականներու վերջին եւ 1990-ական թուականներու ատրպէյճանական ցեղասպան եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան հետեւանքով Արցախէն բռնի տեղահանուածները:

Կը ցանկայի յատուկ շեշտել, որ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն ՌԴ իրացուցած է միջազգային իրաւունքով սահմանուած ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման եւ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքի օգտին ունեցած գործելակերպը: Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ՌԴ հանդէս կու գայ թէ՛ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով եւ թէ՛ առանձին դերակատարութեամբ: Արցախի Հանրապետութիւնը բարձր կը գնահատէ Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերը, աշխոյժ դերակատարութիւնը եւ որոշիչ առաքելութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն՝ յատկապէս, 1994-ի հրադադարի Եռակողմ համաձայնագրի ձեռքբերման գործով: ՌԴ որոշիչ դերակատարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան սրման հերթական փուլին՝ 2016-ի 5 ապրիլին՝ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ հրադադարը վերականգնելու մասին՝ համաձայն 1994-ի հրադադարի հաստատման համաձայնագրին:

Բարձր կը գնահատենք ՌԴ եւ անձամբ ձեր դիւանագիտական գործուն ջանքերը՝ ուղղուած Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակման եւ լայնածաւալ պատերազմը կանգնեցնելուն: Կ’ուզեմ նաեւ ձեզի տեղեկացնել, որ Արցախի Հանրապետութեան եւ ողջ հայութեան մէջ մեծ արձագանգ ստացած են «Վալտայ» ակումբի ձեր ելոյթի ընթացքին հնչած առարկայական գնահատականները ստեղծուած իրավիճակի մասին:

Դուք նշած էք ձեր ելոյթին. «Այս հակամարտութիւնը սկսաւ ոչ թէ որպէս միջպետական հակամարտութիւն եւ տարածքներու համար պայքար, ան սկսաւ ցեղային դիմակայութենէն: Ցաւօք, այս փաստ է. Սումկայիթի, ապա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ ժողովուրդի դէմ դաժան յանցագործութիւններ իրագործուած էին: Եւ այս ամէնը մենք պէտք է հանրագումարին հաշուի առնենք»: Դժբախտաբար, այս ցեղասպան քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանը կը շարունակէ առ այսօր:

Մեծարգո՛յ Վլատիմիր Վլատիմիրի

Դուք այն անհատականութիւնը եւ պետութեան ղեկավարն էք, որ ունի հսկայական հեղինակութիւն աշխարհի եւ մեր տարածաշրջանի մէջ: Հաշուի առնելով այդ ամէնը, կը խնդրենք ձեզմէ գործադրել բոլոր հնարաւոր ջանքերը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ պատերազմի դադրեցման եւ քաղաքական գործընթացներու վերսկսման ուղղութեամբ:

Խորին յարգանքով՝

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան»։

Մաքրոն բժշկական օգնութիւն խոստացած է ԼՂ-ի մէջ տուժածներուն
Նախորդ նիւթը

Մաքրոն բժշկական օգնութիւն խոստացած է ԼՂ-ի մէջ տուժածներուն

Կասեցնել Իսրայէլի կողմէ զինամթերքի վաճառքը Ատրպէյճանին. Ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը. Հայութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց Երուսաղէմի մէջ
Յաջորդ նիւթը

Կասեցնել Իսրայէլի կողմէ զինամթերքի վաճառքը Ատրպէյճանին. Ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը. Հայութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց Երուսաղէմի մէջ

ԱնցնիլՎեր