Կոմիտաս՝ Ցեղասպանութեան զոհը․ BBC անդրադարձած է Վարդապետին

Հեղինակաւոր BBC-ն ծաւալուն յօդուած հրապարակած է Կոմիտաս վարդապետի մասին։ Յօդուածը անդրադարձած է նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Շուշիի հրետակոծուած եկեղեցւոյ մէջ թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեանի՝ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը նուագելու հոլովակին։  «BBC Classical Music» պարբերականին մէջ կը նշուի, որ Կոմիտասը դարձած է 1915թ․ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան զոհը։ «Հայերու համար երաժշտութիւնը յիշողութիւն է։ Եւ ամէն անգամ, Ապրիլ 24-ին՝ հայերու բնաջնջման յիշատակի օրը, անոնք ամբողջ աշխարհէն կը հաւաքուին՝ յարգելու հանգուցեալներուն յիշատակը։ Կը հնչեն նաեւ Կոմիտասի երգերը»,- գրած է յօդուածագիրը։ Հեղինակը վստահ է, որ եթէ որեւէ տեղ հարցնեն, թէ ով է Հայաստանի մեծագոյն երգահանը, բոլորը Արամ Խաչատրեանի մասին պիտի խօսինւ, բայց հայերը Կոմիտասի
25 Հոկտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Կոմիտաս՝ Ցեղասպանութեան զոհը․ BBC անդրադարձած է Վարդապետին

Հեղինակաւոր BBC-ն ծաւալուն յօդուած հրապարակած է Կոմիտաս վարդապետի մասին։ Յօդուածը անդրադարձած է նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Շուշիի հրետակոծուած եկեղեցւոյ մէջ թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեանի՝ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը նուագելու հոլովակին։ 

«BBC Classical Music» պարբերականին մէջ կը նշուի, որ Կոմիտասը դարձած է 1915թ․ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան զոհը։ «Հայերու համար երաժշտութիւնը յիշողութիւն է։ Եւ ամէն անգամ, Ապրիլ 24-ին՝ հայերու բնաջնջման յիշատակի օրը, անոնք ամբողջ աշխարհէն կը հաւաքուին՝ յարգելու հանգուցեալներուն յիշատակը։ Կը հնչեն նաեւ Կոմիտասի երգերը»,- գրած է յօդուածագիրը։

Հեղինակը վստահ է, որ եթէ որեւէ տեղ հարցնեն, թէ ով է Հայաստանի մեծագոյն երգահանը, բոլորը Արամ Խաչատրեանի մասին պիտի խօսինւ, բայց հայերը Կոմիտասի անունը պիտի յիշատակեն։ «Ինչպէս խոստովանած է անոր ամենայայտնի հայրենակիցներէն մէկը՝ Արամ Խաչատրեանը, ան միայնակ դրած է Հայաստանի դասական երաժշտութեան աւանդոյթներուն հիմքը»,- գրած է ան։

Հեղինակը նշած է, որ Կոմիտասի ժառանգութիւնը համեստ է՝ մօտ 80 խմբերգ եւ երգեր, հայկական ազգային երգերու մշակումներ եւ մեներգեր՝ դաշնամուրի նուագակցութեամբ։

 

Խորհրդային միութեան քարտէզները ռուսական բանակի Գլխաւոր շտապը կը գտնուին
Նախորդ նիւթը

Խորհրդային միութեան քարտէզները ռուսական բանակի Գլխաւոր շտապը կը գտնուին

Sevak Avanesyan playing Krunk (Komitas) in Shushi St.Ghazanchetsots Cathedral
Յաջորդ նիւթը

Sevak Avanesyan playing Krunk (Komitas) in Shushi St.Ghazanchetsots Cathedral

ԱնցնիլՎեր