Հակառակ ԱՄՆ-ի յորդորներուն՝ Ատրպէյճանը կը հրաժարի վերադարձնել հայ գերիները. Washington Post

Չնայած ԱՄՆ պետական բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնեայի յորդորին՝ Ատրպէյճանը մինչեւ օրս կը հրաժարի վերադարձնել Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի հետեւանքով գերեվարուած հայերը: Այս մասին Washington Post-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ գրած է յայտնի լրագրող Տէյվիտ Իկնաթիուսը: «ԱՄՆ պաշտօնեաները կ’ըսեն, որ հակառակ աւելի վաղ տեղի ունեցած գերիներու փոխանակման՝ Ատրպէյճանի կողմէ դեռ կը պահուին 52 հայեր»,- նշած է Իկնաթիուսը: Ան ընդգծած է, որ Պաքուէն կը պնդեն, թէ անոնք պատերազմի մասնակիցներ չեն, այլ այդտեղ եկած են հրադադարէն ետք՝ նոյեմբերի վերջը, եւ կը կասկածուին ահաբեկիչ ըլլալու մէջ՝ մեղադրանք, որ կը հերքէ Հայաստանը: «Եւրոպայի հարցով ԱՄՆ պետքարտուղարի օգնական Ֆիլիփ Ռիքըրը գերիներու հարցը բարձրացուցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար
30 Մարտի 2021
6 ր. ընթերցում
Հակառակ ԱՄՆ-ի յորդորներուն՝ Ատրպէյճանը կը հրաժարի վերադարձնել հայ գերիները. Washington Post

Չնայած ԱՄՆ պետական բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնեայի յորդորին՝ Ատրպէյճանը մինչեւ օրս կը հրաժարի վերադարձնել Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի հետեւանքով գերեվարուած հայերը: Այս մասին Washington Post-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ գրած է յայտնի լրագրող Տէյվիտ Իկնաթիուսը:

«ԱՄՆ պաշտօնեաները կ’ըսեն, որ հակառակ աւելի վաղ տեղի ունեցած գերիներու փոխանակման՝ Ատրպէյճանի կողմէ դեռ կը պահուին 52 հայեր»,- նշած է Իկնաթիուսը: Ան ընդգծած է, որ Պաքուէն կը պնդեն, թէ անոնք պատերազմի մասնակիցներ չեն, այլ այդտեղ եկած են հրադադարէն ետք՝ նոյեմբերի վերջը, եւ կը կասկածուին ահաբեկիչ ըլլալու մէջ՝ մեղադրանք, որ կը հերքէ Հայաստանը:

«Եւրոպայի հարցով ԱՄՆ պետքարտուղարի օգնական Ֆիլիփ Ռիքըրը գերիներու հարցը բարձրացուցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ փետրուարին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ժամանակ՝ պահանջելով, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին թոյլատրեն այցելել բանտարկեալներուն: ԿԽՄԿ-ին անյապաղ շնորհուած է թոյլտուութիւն»,- գրած է հեղինակը:

Տէյվիտ Իկնաթիուսը նշած է, որ ԱՄՆ պաշտօնեաները յաջորդ շաբաթներու ընթացքին եւս հետեւողականօրէն հանդէս եկած են գերեվարուածները ազատ արձակելու կոչերով: Լրագրողը մէջբերած է Պայտընի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկու խօսքերը, ուր ան ըսած է. «Մենք յոյսով ենք տեսնել, որ աւելի մեծ թիւով ձերբակալուածներ ազատ կ’արձակուին: Մենք չենք բանակցիր, սակայն կը յորդորենք անոնց բարի կամք դրսեւորել»:

Իկնաթիուսը յիշեցուցած է, որ հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու յորդորներուն միացած են նաեւ ԱՄՆ քոնկրէսականներ: 

Յօդուածագիրը նշած է, որ հայ գերիներու հարցը զգացական տեսանկիւնէ նոր նշանակութիւն պիտի ստանայ ապրիլի վերջը՝ կապուած Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի հետ: Ան յիշեցուցած է, որ օրերս յայտնի միջազգային մեկնաբան Եան Պրեմըրը, յղում ընելով Սպիտակ տան իր աղբիւրներուն, ըսած էր, որ Պայտընը ապրիլ 24-ին պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Լրագրողը եզրակացուցած է, որ այս տարուան ոգեկոչման եւ յիշատակի միջոցառումները յատկապէս զգայուն պիտի ըլլան ղարաբաղեան պատերազմին Հայաստանի կրած պարտութեան եւ անոր յաջորդած տառապանքներու հետեւանքով:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ժամանակը հիմա է, Պայտընը կրնայ ուղղել պատմական սխալը. Jerusalem Post
Նախորդ նիւթը

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ժամանակը հիմա է, Պայտընը կրնայ ուղղել պատմական սխալը. Jerusalem Post

«Քովիտ»ի Տագնապ. 149 պարագայ կը սպասէ հիւանդանոց փոխադրման
Յաջորդ նիւթը

«Քովիտ»ի Տագնապ. 149 պարագայ կը սպասէ հիւանդանոց փոխադրման

ԱնցնիլՎեր