Համաշխարհային դրամատունը 2021-ին Հայաստանի մէջ կը կանխատեսոէ 3.4 տոկոս տնտեսական աճ

Համաշխարհային դրամատունը կանխատեսած է, որ Հայաստանի տնտեսական աճը 2021-ին կը հասնի 3.4 տոկոսի: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսուած է դրամատան Եւրոպա եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացումներու գարնանային զեկոյցին մէջ: «2020 թուականին, Հայաստանը տարածաշրջանէն ներս ունեցաւ Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) կտրուկ կրճատումներէն մէկը`7.6 տոկոս, COVID-19-ի բռնկումը եւ տարեվերջին Ատրպէյճանի հետ ռազմական բախումը ազդեցին արդիւնքներուն վրայ: Կ’ենթադրուի, որ 2020 թուականին աղքատութիւնը աճած ըլլայ 7 տոկոսային կէտով: Տնտեսութեան վերականգնումը կ’ըլլայ աստիճանական»,-ըսուած է զեկոյցով: Համաշխարհային դրամատունը իր զեկոյցին մէջ յիշեցուցած է, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակէն առաջ Հայաստանը աստիճանաբար կը բարելաւէր իր գործարար միջավայրը: «Կը հաստատէր տնտեսական խելամիտ կառավարման մրցանիշ, որ կ’ամրապնդուէր ուժեղ հարկայպիւտճէական
1 Ապրիլի 2021
9 ր. ընթերցում
Համաշխարհային դրամատունը 2021-ին Հայաստանի մէջ կը կանխատեսոէ 3.4 տոկոս տնտեսական աճ

Համաշխարհային դրամատունը կանխատեսած է, որ Հայաստանի տնտեսական աճը 2021-ին կը հասնի 3.4 տոկոսի: «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսուած է դրամատան Եւրոպա եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի տնտեսական զարգացումներու գարնանային զեկոյցին մէջ:

«2020 թուականին, Հայաստանը տարածաշրջանէն ներս ունեցաւ Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) կտրուկ կրճատումներէն մէկը`7.6 տոկոս, COVID-19-ի բռնկումը եւ տարեվերջին Ատրպէյճանի հետ ռազմական բախումը ազդեցին արդիւնքներուն վրայ: Կ’ենթադրուի, որ 2020 թուականին աղքատութիւնը աճած ըլլայ 7 տոկոսային կէտով: Տնտեսութեան վերականգնումը կ’ըլլայ աստիճանական»,-ըսուած է զեկոյցով:

Համաշխարհային դրամատունը իր զեկոյցին մէջ յիշեցուցած է, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակէն առաջ Հայաստանը աստիճանաբար կը բարելաւէր իր գործարար միջավայրը: «Կը հաստատէր տնտեսական խելամիտ կառավարման մրցանիշ, որ կ’ամրապնդուէր ուժեղ հարկայպիւտճէական կանոնով, գնաճի համար նպատակաուղղուած դրամավարկային քաղաքականութեան շրջանակով եւ ֆինանսական ոլորտի վերահսկողութիւնը բարելաւելով: Իշխանութիւնները սկսան բարեփոխութիւններու յաւակնոտ ծրագիր, որ նպատակաուղղուած էր կառավարման ամրապնդման 2018-ին: Տնտեսական աճը ուժեղ էր՝ 2018 եւ 2019 թուականներուն միջինը կազմելով 6,4 տոկոս»,-նշած են դրամատունէն:

Զեկոյցին մէջ նաեւ ըսուած է, որ հակառակ Հայաստանի բարեփոխութիւններու առաջընթացին, կառուցուածքային մարտահրաւէրները թոյլ չեն տուած, որ երկիրը հասնի իր ամբողջ ներուժին: Մարտահրաւէրներու շրջագիծէն ներս նշուած է կառավարման բացերու՝ դատաիրաւական թերի բարեփոխութիւններու եւ այլ հարցերու մասին՝ շեշտելով, որ աշխարհաքաղաքական լարուած իրավիճակը աւելի կը սրէ այդ մարտահրաւէրները:

Նշուած է, որ սակայն Հայաստանի առաջընթացը ձախողած է 2020-ին երկու ցնցումներու պատճառով՝ համավարակի եւ Արցախի պատերազմի: 2020-ի  իրական ՀՆԱ-ն անկում ապրած է 7,6 տոկոսով:

«Կը նախատեսուի, որ ՀՆԱ-ի աճը մասամբ կը վերականգնուի 2021-ին՝ 3,4 տոկոս եւ աւելի ուժեղ 2022 թուականին՝ 4,3 տոկոս: Վերականգնումը դանդաղ կ’ըլլայ. մինչեւ 2023 թուականը տնտեսութիւնը դժուար թէ վերադառնայ մինչեւ COVID-ի եղած արտադրանքի մակարդակին»,-ըսուած է զեկոյցով:

Համաշխարհային դրամատունը նկատել տուած է, որ նախնական սենարի համաձայն, կ’ենթադրուի, որ իշխանութիւնները չեն կիրառեր լրացուցիչ արգելափակումներ եւ սահմանափակումներ 2021 թուականին:

Նաեւ նշուած է, որ կ’ակնկալուի, որ մասնաւոր սպառումը եւ ծառայութիւններու ոլորտը աստիճանաբար կը վերականգնի: Մասնաւոր ներդրումները, ամենայն հաւանականութեամբ, կը մնան զսպուած՝ արտացոլելով ներդրողներու թոյլ վստահութիւնը: Հակամարտութեան յաջորդող մեծ ծախսերը եւ հանրային ներդրումներու յաւակնոտ ծրագիրները, հակառակ, որ մեղմուած են կատարման մարտահրաւէրներով, սակայն կը բարձրացնեն հարկապիւտճէական բացը եւ միջնաժամկէտ հեռանկարով պարտք-ՀՆԱ յարաբերակցութիւնը կը բարձրացնեն 70 տոկոսէն:

Համաշխարհային դրամատունը կը կանխատեսէ, որ միջին գնաճը կը մնայ մօտ ՀՀ Կեդրոնական Դրամատան 4 տոկոսանոց նպատակին, բայց կրնայ աճիլ, եթէ պարէնի եւ վառելիքի համաշխարհային գիները շարունակեն անսպասելիօրէն բարձրանալ: Կը սպասուի, որ արտասահմանեան ներդրումներու հոսքերը զսպուին, բայց պետական փոխառութիւնները միջնաժամկէտ հեռանկարով պահուստները կը պահեն յարմարաւէտ մակարդակի վրայ:

Հադրութի եւ Վարանդայի շրջաններէն եւս երկու աճիւն յայտնաբերուած է․ ԱՀ ԱԻՊԾ
Նախորդ նիւթը

Հադրութի եւ Վարանդայի շրջաններէն եւս երկու աճիւն յայտնաբերուած է․ ԱՀ ԱԻՊԾ

Ընտրութիւնները պիտի ըլլան համամասնական կարգով. Ազգային Ժողովը օրէնք ընդունեց
Յաջորդ նիւթը

Ընտրութիւնները պիտի ըլլան համամասնական կարգով. Ազգային Ժողովը օրէնք ընդունեց

ԱնցնիլՎեր