Հայաստանը ձեռնպահ մնացած է Ռուսաստանին դատապարտող բանաձեւի քուէարկութենէն

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի յատուկ նստաշրջանը Մարտ 2-ին բանաձեւ ընդունեց` դատապարտելով Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիայ «Յարձակում Ուքրանիոյ դէմ» վերնագրով բանաձեւին ՄԱԿ-ի 193 անդամներէն կողմ քուէարկած են 141-ը, դէմ` ընդամէնը 5-ը, ձեռնապահ մնացած է 35 երկիր: Հայաստանը ձեռնպահներու շարքին է, ինչպէս օրինակ` Չինաստանը, Հնդկաստանը, Իրանը եւ այլն: Դէմ քուէարկած 5 երկիրներն են` Ռուսաստանը, Պելառուսիան, Սուրիան, Հիւսիսային Քորէան ու Էրիթրիան: ՄԱԿ-ի բանաձեւը կը դատապարտէ Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիա եւ կը վերահաստատէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան, անկախութեան ու տարածքային ամբողջականութեան: ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին բանաձեւերը իրաւական պարտադիր ուժ չունին, բայց կ’արտացոլեն միջազգային ձեւաւորուած կարծիքը: Յատուկ նստաշրջաններու պարագային բանաձեւը ընդունուելու համար պէտք է ստանայ ՄԱԿի անդամ
3 Մարտի 2022
3 ր. ընթերցում
Հայաստանը ձեռնպահ մնացած է Ռուսաստանին դատապարտող բանաձեւի քուէարկութենէն

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի յատուկ նստաշրջանը Մարտ 2-ին բանաձեւ ընդունեց` դատապարտելով Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիայ «Յարձակում Ուքրանիոյ դէմ» վերնագրով բանաձեւին ՄԱԿ-ի 193 անդամներէն կողմ քուէարկած են 141-ը, դէմ` ընդամէնը 5-ը, ձեռնապահ մնացած է 35 երկիր: Հայաստանը ձեռնպահներու շարքին է, ինչպէս օրինակ` Չինաստանը, Հնդկաստանը, Իրանը եւ այլն:

Դէմ քուէարկած 5 երկիրներն են` Ռուսաստանը, Պելառուսիան, Սուրիան, Հիւսիսային Քորէան ու Էրիթրիան:

ՄԱԿ-ի բանաձեւը կը դատապարտէ Ռուսաստանի ներխուժումը Ուքրանիա եւ կը վերահաստատէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին հաւատարմութիւնը Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան, անկախութեան ու տարածքային ամբողջականութեան:

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին բանաձեւերը իրաւական պարտադիր ուժ չունին, բայց կ’արտացոլեն միջազգային ձեւաւորուած կարծիքը: Յատուկ նստաշրջաններու պարագային բանաձեւը ընդունուելու համար պէտք է ստանայ ՄԱԿի անդամ երկիրներու ձայներուն 2/3-ը, ձեռնպահ քուէարկութիւնը հաշուի մէջ չէ:

Աւելի վաղ Ռուսաստանը արգելափակած էր նոյնատիպ բանաձեւի ընդունումը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ, ուր ան վեթոյի իրաւունք ունի:

Փութին Պետտումային ներկայացուցած է ՀԱՊԿ-ի կապակցութեամբ օրէնսդրական փոփոխութիւններ
Նախորդ նիւթը

Փութին Պետտումային ներկայացուցած է ՀԱՊԿ-ի կապակցութեամբ օրէնսդրական փոփոխութիւններ

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է իր զոհերու թիւը
Յաջորդ նիւթը

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է իր զոհերու թիւը

ԱնցնիլՎեր