Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ փետրուարին

Տարածաշրջանին մէջ փոխադրային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման հարցով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ փետրուարի ընթացքին: Այդ մասին յայտնած են Հայաստանի փոխվարչապետի մամուլի ծառայութենէն: Յիշեցնենք, որ փոխվարչապետներու առաջին նիստը կայացած է 30 յունուարին, Մոսկուայի մէջ: Հանդիպման ընթացքին երկու փորձագիտական ենթախումբեր ստեղծուած են: Անոնց կազմին մէջ հայկական կողմէն պիտի ընդգրկուին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ԱԳՆ-ի, տնտեսութեան նախարարութեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի  ներկայացուցիչները:  
4 Փետրվարի 2021
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ փետրուարին

Տարածաշրջանին մէջ փոխադրային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման հարցով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետներու երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ փետրուարի ընթացքին: Այդ մասին յայտնած են Հայաստանի փոխվարչապետի մամուլի ծառայութենէն:

Յիշեցնենք, որ փոխվարչապետներու առաջին նիստը կայացած է 30 յունուարին, Մոսկուայի մէջ: Հանդիպման ընթացքին երկու փորձագիտական ենթախումբեր ստեղծուած են: Անոնց կազմին մէջ հայկական կողմէն պիտի ընդգրկուին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ԱԳՆ-ի, տնտեսութեան նախարարութեան, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի  ներկայացուցիչները:  

Ատրպէյճանական կողմը չեղարկած է Ֆիզուլիի եւ Ջապրայիլի ուղղութեամբ նախատեսուած որոնումները
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանական կողմը չեղարկած է Ֆիզուլիի եւ Ջապրայիլի ուղղութեամբ նախատեսուած որոնումները

Պետական պիւտճէէն՝ 78 մլն դրամ պիտի յատկացուի «Իմ քայլին», 5 մլն դրամ՝ ՀՀԿ-ին, 9 մլն դրամ՝ ԲՀԿ-ին
Յաջորդ նիւթը

Պետական պիւտճէէն՝ 78 մլն դրամ պիտի յատկացուի «Իմ քայլին», 5 մլն դրամ՝ ՀՀԿ-ին, 9 մլն դրամ՝ ԲՀԿ-ին

ԱնցնիլՎեր