Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 3 Մայիսին, Վիեննայի մէջ:
Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ դեսպան Սերտար Քըլըճի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցսծ է Յունուար 14-ին, Մոսկուայի մէջ: Երկրորդ հանդիպումը կայացած է Փետրուար 24-ին, Վիեննայի մէջ: Իսկ 12 Մարտին, ատաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Անթալիոյ դիւանագիտական համագումարի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիա արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: