Հայաստանի Զինուած ուժերու 12 զինծառայող՝ 7 պայմանագրային եւ 5 ժամկէտային գերեվարուած են. ՊՆ

Ժամը 17։00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին, ուր այսօր յարձակում նախաձեռնած էր Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները, կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ լարուած: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, նշելով, որ մարտերու թէժութիւնը չի թուլանար։ «Հակառակորդը շարունակում է կիրառել հրետանային միջոցներ, զրահամեքենայ եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ։ Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւնների արդիւնքում հակառակորդն ունի անձնակազմի մեծաթիւ կորուստներ, զրահամեքենայի շուրջ մէկ տասնեակ միաւոր ոչնչացուել կամ շարքից դուրս է բերուել»,- գրուած է ՀՀ ՊՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ: Նշուած է, որ հայկական կողմը նոյնպէս կորուստներ ունի։ Տուեալները կը ճշդուի։ ՀՀ ԶՈՒ 12 զինծառայող՝ 7 պայմանագրային եւ 5 ժամկէտային գերեվարուած են։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի շարունակէ պարբերաբար հանդէս գալ իրադրութեան վերաբերեալ հաղորդագրութիւններով։
16 Նոյեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի Զինուած ուժերու 12 զինծառայող՝ 7 պայմանագրային եւ 5 ժամկէտային գերեվարուած են. ՊՆ

Ժամը 17։00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին, ուր այսօր յարձակում նախաձեռնած էր Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները, կը շարունակէ մնալ ծայրայեղ լարուած:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, նշելով, որ մարտերու թէժութիւնը չի թուլանար։

«Հակառակորդը շարունակում է կիրառել հրետանային միջոցներ, զրահամեքենայ եւ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ։ Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւնների արդիւնքում հակառակորդն ունի անձնակազմի մեծաթիւ կորուստներ, զրահամեքենայի շուրջ մէկ տասնեակ միաւոր ոչնչացուել կամ շարքից դուրս է բերուել»,- գրուած է ՀՀ ՊՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ հայկական կողմը նոյնպէս կորուստներ ունի։ Տուեալները կը ճշդուի։ ՀՀ ԶՈՒ 12 զինծառայող՝ 7 պայմանագրային եւ 5 ժամկէտային գերեվարուած են։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պիտի շարունակէ պարբերաբար հանդէս գալ իրադրութեան վերաբերեալ հաղորդագրութիւններով։

Հայաստանը պիտի դիմէ Ռուսիոյ 1997-ի պայմանագրի շրջածիրէն ներս ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու կոչով
Նախորդ նիւթը

Հայաստանը պիտի դիմէ Ռուսիոյ 1997-ի պայմանագրի շրջածիրէն ներս ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու կոչով

Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ կրակը դադարեցուած է․ ՊՆ
Յաջորդ նիւթը

Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ կրակը դադարեցուած է․ ՊՆ

ԱնցնիլՎեր