Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 984 նոր դէպք. մահացած է 32 մարդ

Հայաստանի մէջ 17  նոյեմբերին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 984 նոր դէպք գրանցուած է, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 118870 դէպքի: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը: Ընդհանուր քննութիւններու թիւը կը կազմէ 468081, վերջին մէկ օրը` 2530 նոր քննութիւն: Փաստացի այս պահուն կը բուժուի 38 253 հիւանդ. մէկ օրուան մէջ նուազած է 1526-ով: Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 78 343 անձ` վերջին մէկ օրուան մէջ 2478 անձ: Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 23 քաղաքացի, մահացածներու թիւը 1811 է: Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 9 դէպք, երբ հիւանդի մօտ հաստատուած է
17 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 984 նոր դէպք. մահացած է 32 մարդ

Հայաստանի մէջ 17  նոյեմբերին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 984 նոր դէպք գրանցուած է, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 118870 դէպքի: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնը:

Ընդհանուր քննութիւններու թիւը կը կազմէ 468081, վերջին մէկ օրը` 2530 նոր քննութիւն:

Փաստացի այս պահուն կը բուժուի 38 253 հիւանդ. մէկ օրուան մէջ նուազած է 1526-ով:

Վերջին տուեալներով ապաքինուած է 78 343 անձ` վերջին մէկ օրուան մէջ 2478 անձ:

Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 23 քաղաքացի, մահացածներու թիւը 1811 է:

Նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 9 դէպք, երբ հիւանդի մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 463 է:

Անխուսափելի պիտի ըլլան ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնները. ՀՀ նախագահը ուղերձ յղած է
Նախորդ նիւթը

Անխուսափելի պիտի ըլլան ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնները. ՀՀ նախագահը ուղերձ յղած է

Պատերազմի 4-րդ օրը ես նշեր եմ, որ երկու-երեք օրուայ ընթացքին պէտք է պատերազմը դադրեցնել. Զօր. Օննիկ Գասպարեան
Յաջորդ նիւթը

Պատերազմի 4-րդ օրը ես նշեր եմ, որ երկու-երեք օրուայ ընթացքին պէտք է պատերազմը դադրեցնել. Զօր. Օննիկ Գասպարեան

ԱնցնիլՎեր