Հայաստանի մէջ մեծ հաւանականութեամբ դպրոցները պիտի վերաբացուին երկուշաբթի օր

Հաւանականութիւնը մեծ է, որ գալիք երկուշաբթի օրէն` 9 մարտէն, հանրապետութեան մէջ դպրոցները վերաբացուին: Կառավարութեան նիստին Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը նշեց, որ իրենք ամենօրեայ կապի մէջ են առողջապահութեան նախարարութեան հետ: «Յատուկ ցուցումներ չունինք դասերը չշարունակելու համար, եթէ այսպէս շարունակուի, երկուշաբթի օրէն դասերն արդէն կը սկսին», — «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ, ըսած է Յարութիւնեանը։ Ընթացիկ շաբաթ «քորոնա» ժահրի կանխարգելմամբ պայմանաւորուած հանրապետութեան կրթական հաստատութիւններուն մէջ մէկշաբաթեայ արձակուրդ յայտարարուած էր:  
5 Մարտի 2020
1 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ մեծ հաւանականութեամբ դպրոցները պիտի վերաբացուին երկուշաբթի օր

Հաւանականութիւնը մեծ է, որ գալիք երկուշաբթի օրէն` 9 մարտէն, հանրապետութեան մէջ դպրոցները վերաբացուին: Կառավարութեան նիստին Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը նշեց, որ իրենք ամենօրեայ կապի մէջ են առողջապահութեան նախարարութեան հետ:

«Յատուկ ցուցումներ չունինք դասերը չշարունակելու համար, եթէ այսպէս շարունակուի, երկուշաբթի օրէն դասերն արդէն կը սկսին», — «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ, ըսած է Յարութիւնեանը։

Ընթացիկ շաբաթ «քորոնա» ժահրի կանխարգելմամբ պայմանաւորուած հանրապետութեան կրթական հաստատութիւններուն մէջ մէկշաբաթեայ արձակուրդ յայտարարուած էր:  

Յարգանքի տուրք՝ Արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակներուն. Քարոզարշաւի կանգառը Թաղավարդ համայնքն էր
Նախորդ նիւթը

Յարգանքի տուրք՝ Արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակներուն. Քարոզարշաւի կանգառը Թաղավարդ համայնքն էր

Հենրիխ Մխիթարեանը հայր դարձաւ
Յաջորդ նիւթը

Հենրիխ Մխիթարեանը հայր դարձաւ

ԱնցնիլՎեր