Հայաստանի մէջ մեկնարկած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի քարոզարշաւը

Այսօր՝ 17 փետրուարէն մեկնարկած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի քարոզարշաւը: Քարոզարշաւը պիտի շարունակուի մինչեւ 3 ապրիլ:  «Արմենբրես»-ի փոխանցմամբ՝ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն արդէն ձեւաւորած է «Այո»-ի շտապը. այն կը ղեկավարէ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը: Պատգամաւորներու կողմէ «Ոչ»-ի շտապ ձեւաւորելու ժամկէտը կը լրանայ 17 փետրուարին. մինչ այս պահը խորհրդարանական ուժերէն որեւէ մէկը «Ոչ»-ի շտապ ձեւաւորելու մասին չէ յայտարարած: Խորհրդարանական «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը որոշած է, որ կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի կայացման գործընթացին: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի՝ 15 փետրուարին կայացած նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է կուսակցութեան անդամ Նայիրա Զոհրապեանը: Խորհրդարանի ընդդիմադիր
17 Փետրվարի 2020
6 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ մեկնարկած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի քարոզարշաւը

Այսօր՝ 17 փետրուարէն մեկնարկած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի քարոզարշաւը: Քարոզարշաւը պիտի շարունակուի մինչեւ 3 ապրիլ: 

«Արմենբրես»-ի փոխանցմամբ՝ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնն արդէն ձեւաւորած է «Այո»-ի շտապը. այն կը ղեկավարէ ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը:

Պատգամաւորներու կողմէ «Ոչ»-ի շտապ ձեւաւորելու ժամկէտը կը լրանայ 17 փետրուարին. մինչ այս պահը խորհրդարանական ուժերէն որեւէ մէկը «Ոչ»-ի շտապ ձեւաւորելու մասին չէ յայտարարած:

Խորհրդարանական «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը որոշած է, որ կուսակցութիւնը պիտի չմասնակցի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի կայացման գործընթացին: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի՝ 15 փետրուարին կայացած նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է կուսակցութեան անդամ Նայիրա Զոհրապեանը:

Խորհրդարանի ընդդիմադիր միւս ուժը՝ «Լուսաւոր Հայաստան»-ը եւս յայտարարած է, որ «Ոչ»-ի քարոզչութիւն պիտի չսկսի, թէեւ խմբակցութիւնն ԱԺ-ի մէջ դէմ քուէարկած է հանրաքուէ իրականացնելու ԱԺ որոշման: «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանը միւս ուժերուն եւս կոչ ըրած է «Ոչ»-ի ճակատ չձեւաւորելու:

Սահմանուած ժամկէտին մէջ քարոզչութեան կողմ չգրանցուելու պարագային «ՈՉ» քարոզչութեան կողմ կրնայ ձեւաւորել առնուազն 50 քաղաքացիներէ բաղկացած խումբը: Քաղաքացիներու կողմէ «Ոչ» քարոզչութեան կողմ գրանցելու գրութիւն (դիմում) Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով կրնայ ներկայացուիլ 2020 թուականի 18 փետրուարէն: 

Արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերը եւս «Ոչ»-ի քարոզչութիւն իրականացնելու մասին չեն յայտարարած: Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ որեւէ կերպ պիտի չմասնակցի գործընթացին, ՀՅԴ-ն հանրաքուէն պոյքոթելու կոչ ըրած է:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն պիտի կայանայ 5 ապրիլին: Հանրաքուէով կ’առաջարկուի դադրեցնել Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի եւ դատարանի 6 անդամներու պաշտօնավարումը:

«Սուրիոյ Խորհրդարանի`Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը հայ-սուրիական բարեկամութեան վկայութիւնն Է» Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւն
Նախորդ նիւթը

«Սուրիոյ Խորհրդարանի`Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը հայ-սուրիական բարեկամութեան վկայութիւնն Է» Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւն

Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար գրանցուած է 14 թեկնածու
Յաջորդ նիւթը

Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար գրանցուած է 14 թեկնածու

ԱնցնիլՎեր