Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 21 717-ի

Հայաստանի մէջ,  24 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 21 717 դէպք, որոնցմէ 10 797ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 404 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 100 400 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 711 նոր դէպք եւ  653 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 14 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 386): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 79, 83, 65, 83, 64, 68, 83  տարեկան տղամարդիկ եւ 64, 73,
24 Հունիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 21 717-ի

Հայաստանի մէջ,  24 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 21 717 դէպք, որոնցմէ 10 797ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 10 404 վարակակիր:

Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 100 400 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 711 նոր դէպք եւ  653 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 14 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 386):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 79, 83, 65, 83, 64, 68, 83  տարեկան տղամարդիկ եւ 64, 73, 62, 76, 76, 68, 68  տարեկան կանայք: Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 130 է:

Նախարար. «Քորոնա» ժահրէն բուժաշխատող մահացած է
Նախորդ նիւթը

Նախարար. «Քորոնա» ժահրէն բուժաշխատող մահացած է

Նախագահը ստորագրեց իր լիազօրութիւնները սահմանափակող օրէնքը, սահմանադրական փոփոխութիւնները ուժի մէջ պիտի մտնեն ԱԺ նախագահի հրապարակումէն ետք
Յաջորդ նիւթը

Նախագահը ստորագրեց իր լիազօրութիւնները սահմանափակող օրէնքը, սահմանադրական փոփոխութիւնները ուժի մէջ պիտի մտնեն ԱԺ նախագահի հրապարակումէն ետք

ԱնցնիլՎեր