Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 495-ի

Հայաստանի մէջ, 15 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 41 495 դէպք, որոնցմէ 34 484-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 952 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 183 789 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 196 նոր դէպք եւ  320 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 817): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 86 (կին), 68 (տղամարդ) և 70 (տղամարդ) տարեկան: Բոլորն ալ ունեցած են ուղեկցող
15 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 495-ի

Հայաստանի մէջ, 15 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 41 495 դէպք, որոնցմէ 34 484-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 952 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 183 789 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 196 նոր դէպք եւ  320 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 817):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 86 (կին), 68 (տղամարդ) և 70 (տղամարդ) տարեկան: Բոլորն ալ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 3 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 242 է:

Փաշինեանի հարցազրոյցը Hard Talk-ին. կրնանք խաղաղութեան հասնիլ, եթէ Ատրպէյճանը մեր նոյն ճիգերը գործադրէ
Նախորդ նիւթը

Փաշինեանի հարցազրոյցը Hard Talk-ին. կրնանք խաղաղութեան հասնիլ, եթէ Ատրպէյճանը մեր նոյն ճիգերը գործադրէ

Յատուկ փաթեթ հայրենադարձուող Լիբանանահայերուն. Սինանեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Յատուկ փաթեթ հայրենադարձուող Լիբանանահայերուն. Սինանեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ

ԱնցնիլՎեր