Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 15 281-ի

Հայաստանի մէջ,  12 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 15 281 դէպք, որոնցմէ 5639ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 9298 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 77 686 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 612 նոր դէպք եւ  173 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 13 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 258): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 85, 73, 74, 55, 83, 71, 84, 76, 59 տարեկան տղամարդիկ եւ 61, 69, 59,
12 Հունիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 15 281-ի

Հայաստանի մէջ,  12 յունիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 15 281 դէպք, որոնցմէ 5639ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 9298 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 77 686 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 612 նոր դէպք եւ  173 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 13 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 258):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 85, 73, 74, 55, 83, 71, 84, 76, 59 տարեկան տղամարդիկ եւ 61, 69, 59, 60 տարեկան կանայք։ Բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 4 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 86 է:

ԱՄՆ-ի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը հատած է 2 միլիոնի սահմանը
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ-ի մէջ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը հատած է 2 միլիոնի սահմանը

Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 13 յուլիս
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուեցաւ մինչեւ 13 յուլիս

ԱնցնիլՎեր