Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 2066-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 134 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: Հայաստանի մէջ 30 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 2033 է, արձանագրուած է մահուան 32 (աւելցած է եւս 2-ով) դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 21 հազար 125 քննութիւն։ Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 29-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 929։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1103 հիւանդ: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 47 եւ 69 տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։
30 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 2066-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 134 նոր դէպք:

Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

Հայաստանի մէջ 30 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 2033 է, արձանագրուած է մահուան 32 (աւելցած է եւս 2-ով) դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 21 հազար 125 քննութիւն։

Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 29-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 929։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1103 հիւանդ:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 47 եւ 69 տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Գաւառի հիւանդանոցին վրայ եղած յարձակումի ժամանակ կարգ մը վիրաւորուածներու վիճակը ծանր է. Նախարար
Նախորդ նիւթը

Գաւառի հիւանդանոցին վրայ եղած յարձակումի ժամանակ կարգ մը վիրաւորուածներու վիճակը ծանր է. Նախարար

Գաւառի միջադէպ. Ձերբակալուած է 15 անձ
Յաջորդ նիւթը

Գաւառի միջադէպ. Ձերբակալուած է 15 անձ

ԱնցնիլՎեր