Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 3392 -ի

Հայաստանի մէջ, 11 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 3392 դէպք, որոնցմէ 1359-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1970 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 32 561 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 79 նոր դէպք եւ 34 առողջացած։ Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 46 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 69 տարեկան տղամարդ եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։ Արձանագրուած է մահուան եւս
11 Մայիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 3392 -ի

Հայաստանի մէջ, 11 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 3392 դէպք, որոնցմէ 1359-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1970 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 32 561 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 79 նոր դէպք եւ 34 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 46 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 69 տարեկան տղամարդ եւ ունեցած է ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 2 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդ դէպքերու ընդհանուր թիւը 17 է։

Երեւան. Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա»ով վարակուած 45 ծանր պարագայ կայ
Նախորդ նիւթը

Երեւան. Գրիգոր Լուսաւորիչ հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա»ով վարակուած 45 ծանր պարագայ կայ

ՌԱԿ-ի Երախտաւորներէն. Վարուժան Խաչատուրեան
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի Երախտաւորներէն. Վարուժան Խաչատուրեան

ԱնցնիլՎեր