Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 7113-ի

Հայաստանի մէջ, 25 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 7113 դէպք, որոնցմէ 3145-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 3842 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 51 594 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 452 նոր դէպք եւ 81 առողջացած։ Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 87 (աւելցած է եւս 6-ով) դէպք: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 85 (կին), 61 (տղամարդ), 58 (տղամարդ), 69 (տղամարդ), 86 (կին) եւ 67 (տղամարդ)  տարեկան, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական
25 Մայիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 7113-ի

Հայաստանի մէջ, 25 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 7113 դէպք, որոնցմէ 3145-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 3842 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 51 594 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 452 նոր դէպք եւ 81 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 87 (աւելցած է եւս 6-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 85 (կին), 61 (տղամարդ), 58 (տղամարդ), 69 (տղամարդ), 86 (կին) եւ 67 (տղամարդ)  տարեկան, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մահուան եւս 6 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Ընդհանուր դէպքերու թիւը հասած է 39-ի։ 

Արցախի մէջ հակառակորդը ներթափանցման փորձ կատարած է ու ետ  մղուած. ՊԲ-ն կորուստներ չունի
Նախորդ նիւթը

Արցախի մէջ հակառակորդը ներթափանցման փորձ կատարած է ու ետ  մղուած. ՊԲ-ն կորուստներ չունի

Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար նշանակուած է Կարէն Դանիէլեանը
Յաջորդ նիւթը

Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար նշանակուած է Կարէն Դանիէլեանը

ԱնցնիլՎեր