Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 736-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 73 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:  Հայաստանի մէջ 3 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 736 է, արձանագրուած է մահուան 7 դէպք: Հետազօտութիւններէն 3258-ը բացասական արդիւնք տուած է: Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ  686 հիւանդ: ՀՀ կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 2020 թուականի 16 մարտէն, ժամը 18:30-էն սկսած մինչեւ 2020 թուականի 14 ապրիլը, ժամը 17:00-ն: ՀՀ ամբողջ տարածքին սահմանափակուած է մարդոց ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը: Հայաստանի մէջ 3 ապրիլին,
3 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 736-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 73 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: 

Հայաստանի մէջ 3 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 736 է, արձանագրուած է մահուան 7 դէպք: Հետազօտութիւններէն 3258-ը բացասական արդիւնք տուած է: Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ  686 հիւանդ:

ՀՀ կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 2020 թուականի 16 մարտէն, ժամը 18:30-էն սկսած մինչեւ 2020 թուականի 14 ապրիլը, ժամը 17:00-ն:

ՀՀ ամբողջ տարածքին սահմանափակուած է մարդոց ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը:

Հայաստանի մէջ 3 ապրիլին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրէն ապաքինուած է 43 քաղաքացի:

ՌԱԿ-ի Երախտաւորներէն. Գուրգէն Համալեան
Նախորդ նիւթը

ՌԱԿ-ի Երախտաւորներէն. Գուրգէն Համալեան

Արցախի մէջ զինուոր մահացած է
Յաջորդ նիւթը

Արցախի մէջ զինուոր մահացած է

ԱնցնիլՎեր