Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 52-ի

Հայաստանի մէջ Քորոնա ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 52-ի: Այս մասին Ֆէյսպուքի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան: «Քիչ առաջ վերջացուցինք եւս 50 քննութիւն: Այսօր ընդհանուր առմամբ կատարած ենք 105 քննութիւն եւ բացի այն թիւերէն, որ ես քիչ առաջ հրապարակեցի, կ՛ուզեմ ըսել, որ եւս 7 քննութեան արդիւնքներ դրական են»,- ըսած է ան: Մինչ այդ Թորոսեան ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրելով` յայտնած էր, որ կայ հաստատուած 45 դէպք, մէկը առողջացած:
17 Մարտի 2020
1 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 52-ի

Հայաստանի մէջ Քորոնա ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 52-ի: Այս մասին Ֆէյսպուքի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

«Քիչ առաջ վերջացուցինք եւս 50 քննութիւն: Այսօր ընդհանուր առմամբ կատարած ենք 105 քննութիւն եւ բացի այն թիւերէն, որ ես քիչ առաջ հրապարակեցի, կ՛ուզեմ ըսել, որ եւս 7 քննութեան արդիւնքներ դրական են»,- ըսած է ան:

Մինչ այդ Թորոսեան ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրելով` յայտնած էր, որ կայ հաստատուած 45 դէպք, մէկը առողջացած:

Հանրաքուէի նախապատրաստման եւ կայացման աշխատանքները կը դադրեցուին․ ԿԸՅ
Նախորդ նիւթը

Հանրաքուէի նախապատրաստման եւ կայացման աշխատանքները կը դադրեցուին․ ԿԸՅ

Ապրիլեան հանրաքուէն պիտի յետաձգուի. Վարչապետ
Յաջորդ նիւթը

Ապրիլեան հանրաքուէն պիտի յետաձգուի. Վարչապետ

ԱնցնիլՎեր