Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնած են սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողոժի կառուցուածքին շուրջ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: ԱԳՆ-էն կը յայտնեն, որ նախարարները միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու առաջնորդներուն մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման շուրջ: Կողմերը համաձայնութեան եկած են սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողոժի կառուցուածքին շուրջ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի վերաբերեալ հանդիպում կայացնել: Կողմերը քննարկած են նաեւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման հետ կապուած հարցեր:
25 Ապրիլի 2022
2 ր. ընթերցում
Հայաստան եւ Ատրպէյճան համաձայնած են սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողոժի կառուցուածքին շուրջ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

ԱԳՆ-էն կը յայտնեն, որ նախարարները միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու առաջնորդներուն մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման շուրջ:

Կողմերը համաձայնութեան եկած են սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողոժի կառուցուածքին շուրջ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի վերաբերեալ հանդիպում կայացնել:

Կողմերը քննարկած են նաեւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման հետ կապուած հարցեր:

Հայ ժամկէտային զինուորը հատած է հայ-ատրպէյճանական սահմանը եւ կը գտնուի ատրպէյճանական կողմը
Նախորդ նիւթը

Հայ ժամկէտային զինուորը հատած է հայ-ատրպէյճանական սահմանը եւ կը գտնուի ատրպէյճանական կողմը

Վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է Մաքրոնը՝ Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է Մաքրոնը՝ Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով

ԱնցնիլՎեր