Հայաստան իր արտաքին պարտքերը պիտի վճարէ ճիշդ ժամանակին

Հայաստանը արտակարգ դրութեան պայմաններուն, անհրաժեշտութիւն չի տեսներ իր արտաքին պարտքի սպասարկման ընթացքը ինչ որ ժամանակով յետաձգելու կարիք: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, այս մասին ըսաւ ՀՀ ֆինանսներու նախարար՝ Ատոմ Ճանճուղազեան Ազգային Ժողովին, 2020 թուականի պետական պիւտճէի մասին օրէնքի փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծի քննարկման ընթացքին, պատասխանելով «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանի հարցին: Սերկէյ Բագրատեան նկատել տուաւ, որ անյաղթահարելի հանգամանքային իրավիճակին, միջազգային իրաւունքի կիրառումներուն մէջ անյաղթահարելի ուժը պետութեան միջազգային իրաւական պատասխանատուութենէ ազատող հանգամանք է: Ան հետաքրքրուեցաւ թէ արդեօք Հայաստանը կ’օգտուի՞ հնարաւորութենէն, որ արտաքին պարտքի սպասարկման ընթացքը առնուազն 1 տարի յետաձգէ: Ատոմ Ճանճուղազեան նկատել տուաւ, թէ առաջին հայեացքէն շատ գրաւիչ կը թուի,
29 Ապրիլի 2020
5 ր. ընթերցում
Հայաստան իր արտաքին պարտքերը պիտի վճարէ ճիշդ ժամանակին

Հայաստանը արտակարգ դրութեան պայմաններուն, անհրաժեշտութիւն չի տեսներ իր արտաքին պարտքի սպասարկման ընթացքը ինչ որ ժամանակով յետաձգելու կարիք:

Ըստ «Արմէնփրես»-ին, այս մասին ըսաւ ՀՀ ֆինանսներու նախարար՝ Ատոմ Ճանճուղազեան Ազգային Ժողովին, 2020 թուականի պետական պիւտճէի մասին օրէնքի փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծի քննարկման ընթացքին, պատասխանելով «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանի հարցին:

Սերկէյ Բագրատեան նկատել տուաւ, որ անյաղթահարելի հանգամանքային իրավիճակին, միջազգային իրաւունքի կիրառումներուն մէջ անյաղթահարելի ուժը պետութեան միջազգային իրաւական պատասխանատուութենէ ազատող հանգամանք է: Ան հետաքրքրուեցաւ թէ արդեօք Հայաստանը կ’օգտուի՞ հնարաւորութենէն, որ արտաքին պարտքի սպասարկման ընթացքը առնուազն 1 տարի յետաձգէ:

Ատոմ Ճանճուղազեան նկատել տուաւ, թէ առաջին հայեացքէն շատ գրաւիչ կը թուի, օրինակ, 100 մլն տոլարի չափով սպասարկման յետաձգումը եւ այդ միջոցները ներքին նպատակներով օգտագործելու հեռանկարը: Սակայն ան առաջարկեց նայիլ հարցին նաեւ միւս կողմին: «Միւս կողմից, եթէ միայն միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւնները լինէին, ապա գուցէ Ձեր մտադրութիւնը իրականանալի լինէր: Սակայն մենք մեզ համար որպէս հեռանկար չենք տեսնում, չէ՞, միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւնների հովանու ներքոյ մնալը, մենք հեռանկարում տեսնում ենք, որ ինքներս ենք նուիրող դառնալու: Եւ դրան ուղղուած քայլ է նաեւ այն, որ մենք այլեւս անճանաչելի չենք միջազգային ֆինանսական քարտէզի վրայ»,-ըսաւ Ճանճուղազեան ու որպէս վկայութիւն, նշեց միջազգային ֆինանսական շուկաներուն մէջ  եւրապարտատոմոսերու երեք թողարկումները:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1932-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1932-ի

Տեսակէտ. Արցախ պէտք է միաւորուի Հայաստանին. Գրեց՝ Գէորգ Հալէպլեան
Յաջորդ նիւթը

Տեսակէտ. Արցախ պէտք է միաւորուի Հայաստանին. Գրեց՝ Գէորգ Հալէպլեան

ԱնցնիլՎեր