Հայաստան ներկրուած է «Քորոնա»ի դէմ պայքարի համար նախատեսուած «AstraZeneca» պատուաստանիւթի առաջին խմբաքանակը. ԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութիւն ներկրուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) դէմ պատուաստանիւթի՝ «COVAX FACILITY» նախաձեռնութեան միջոցով առաջին խմբաքանակը՝ 24 հազար դեղաչափ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութենէն: Այն նախատեսուած է վտանգաւոր խումբերու, մասնաւորապէս՝ բուժաշխատողներու, 65 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձանց, քրոնիկ հիւանդներու, տարեցներու խնամքի կեդրոններու բնակիչներու եւ աշխատակիցներու, ընկերային խնամքի կեդրոններու աշխատակիցներու, կամաւորութեան սկզբունքով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) դէմ պատուաստելու համար: COVID-19-ի դէմ «AstraZeneca» ընկերութեան պատուաստանիւթը ձեռք բերուած է «COVAX FACILITY» նախաձեռնութեան շրջածիրէն ներս: «AstraZeneca» պատուաստանիւթն ունի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) կողմէ արտակարգ իրավիճակներու մէջ կիրառման թոյլտուութիւն: Այն կիրառելի է 18 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձանց համար: Նկատենք, որ առողջապահութեան նախարարութեան
29 Մարտի 2021
6 ր. ընթերցում
Հայաստան ներկրուած է «Քորոնա»ի դէմ պայքարի համար նախատեսուած «AstraZeneca» պատուաստանիւթի առաջին խմբաքանակը. ԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութիւն ներկրուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) դէմ պատուաստանիւթի՝ «COVAX FACILITY» նախաձեռնութեան միջոցով առաջին խմբաքանակը՝ 24 հազար դեղաչափ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութենէն:

Այն նախատեսուած է վտանգաւոր խումբերու, մասնաւորապէս՝ բուժաշխատողներու, 65 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձանց, քրոնիկ հիւանդներու, տարեցներու խնամքի կեդրոններու բնակիչներու եւ աշխատակիցներու, ընկերային խնամքի կեդրոններու աշխատակիցներու, կամաւորութեան սկզբունքով, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) դէմ պատուաստելու համար: COVID-19-ի դէմ «AstraZeneca» ընկերութեան պատուաստանիւթը ձեռք բերուած է «COVAX FACILITY» նախաձեռնութեան շրջածիրէն ներս: «AstraZeneca» պատուաստանիւթն ունի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) կողմէ արտակարգ իրավիճակներու մէջ կիրառման թոյլտուութիւն: Այն կիրառելի է 18 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձանց համար:

Նկատենք, որ առողջապահութեան նախարարութեան գործադրած ջանքներու եւ բանակցութիւններու շնորհիւ, հնարաւոր եղաւ պատուաստանիւթի առաջին խմբաքանակը ստանալ նախանշուած ժամկէտներու մէջ: Հայաստանն այն բացառիկ երկիրներէն է, որ հնարաւորութիւն ստացած է ձեռք բերել երկար սպասուած պատուաստանիւթը, երբ այսօր աշխարհի մէջ շարք մը երկրներ դեռ կը պայքարին այդ իրաւունքի համար:

Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան (COVID-19) համավարակի կանխարգելման գործընթացին մէջ առանցքային դեր ունի պատուաստանիւթի կիրառումը: Իսկ ներկրուած պատուաստանիւթի արդիւնաւէտութեան եւ անվտանգութեան տուեալները կը համապատասխանեն ԱՀԿ-ի կողմէ սահմանուած չափանիշներուն: Հարկ է նշել, որ ԱՄՆ-ի մէջ «AstraZeneca-ի քլինիքական փորձարկման 3-րդ փուլի վերաբերեալ վերջին յայտարարութեան (03/25/2021) համաձայն, պատուաստանիւթը կ’ապահովէ՝ ախտանշանային COVID-19-ի կանխարգելում` 76% արդիւնաւէտութիւն, հիւանդութեան ծանր կամ ծայրայեղ ծանր դէպքերու եւ հիւանդանոց տեղափոխման կանխարգելում՝ 100% արդիւնաւէտութիւն, 65 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձանց մօտ ախտանշանային COVID-19-ի կանխարգելում՝ 85% արդիւնաւէտութիւն։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պատուաստումները կ’իրականացուին բացառապէս կամաւորութեան սկզբունքով:

Ես ապրիլին հրաժարական պիտի տամ. Նիկոլ Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Ես ապրիլին հրաժարական պիտի տամ. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի ֆութպոլի ընտրանին Երեւանի մէջ յաղթեց Իսլանտային
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի ֆութպոլի ընտրանին Երեւանի մէջ յաղթեց Իսլանտային

ԱնցնիլՎեր