Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 8676-ի

Հայաստանի մէջ, 29 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 8676 դէպք, որոնցմէ 3297 ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5214 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 56 042 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 460 նոր դէպք եւ 10 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այսօր արձանագրուած է 7 մահուան դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 120): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 72 (տղամարդ), 42 (կին), 59 (տղամարդ), 66 (տղամարդ), 65 (կին), 64 (տղամարդ), 56 (կին) տարեկան: Վերջինէն բացի, մնացած բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ: Արձանագրուած
29 Մայիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 8676-ի

Հայաստանի մէջ, 29 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 8676 դէպք, որոնցմէ 3297 ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5214 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 56 042 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 460 նոր դէպք եւ 10 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն այսօր արձանագրուած է 7 մահուան դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 120):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 72 (տղամարդ), 42 (կին), 59 (տղամարդ), 66 (տղամարդ), 65 (կին), 64 (տղամարդ), 56 (կին) տարեկան: Վերջինէն բացի, մնացած բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ:

Արձանագրուած է մահուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահուան պատճառ եղած է այլ հիւանդութիւն։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 45 է:

Յարգանքի տուրք՝ Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակին
Նախորդ նիւթը

Յարգանքի տուրք՝ Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներու յիշատակին

Պոլսոյ Պատրիարքին եւ Կարօ Փայլանին միջեւ հեռակայ վէճ
Յաջորդ նիւթը

Պոլսոյ Պատրիարքին եւ Կարօ Փայլանին միջեւ հեռակայ վէճ

ԱնցնիլՎեր