Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 571-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 39 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:  Հայաստանի մէջ 1 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 571 է, արձանագրուած է մահուան 3 դէպք: Հետազօտութիւններէն 2704-ը բացասական արդիւնք տուած է: Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 537 հիւանդ: ՀՀ կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 2020 թուականի 16 մարտէն, ժամը 18:30-էն սկսած մինչեւ 2020 թուականի 14 ապրիլը, ժամը 17:00-ն: ՀՀ ամբողջ տարածքին սահմանափակուած է մարդոց ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը: Հայաստանի մէջ 1 ապրիլին,
1 Ապրիլի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 571-ի

Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 39 նոր դէպք: Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: 

Հայաստանի մէջ 1 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 571 է, արձանագրուած է մահուան 3 դէպք: Հետազօտութիւններէն 2704-ը բացասական արդիւնք տուած է: Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 537 հիւանդ:

ՀՀ կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին 2020 թուականի 16 մարտէն, ժամը 18:30-էն սկսած մինչեւ 2020 թուականի 14 ապրիլը, ժամը 17:00-ն:

ՀՀ ամբողջ տարածքին սահմանափակուած է մարդոց ազատ տեղաշարժելու իրաւունքը:

Հայաստանի մէջ 1 ապրիլին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրէն ապաքինուած է 31 քաղաքացի:

 

Արցախի համապետական ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներու 72, 7 %-ը
Նախորդ նիւթը

Արցախի համապետական ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրողներու 72, 7 %-ը

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը արձագանգած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը արձագանգած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան

ԱնցնիլՎեր