Հայերը փակած են եւրոպական կարեւորագոյն մայրուղիները

Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը դատապարտող եւ ի պաշտպանութիւն Արցախի կազմակերպուող բողոքի ցոյցերը, բազմամարդ հաւաքները աշխարհի տարբեր կէտերուն մէջ կը շարունակուին: Մեր հայրենակիցները փակած են Հոլանտան Պելճիքային կապող եւ Համպուրկ-Պերլին ճանապարհները: Անոնք եւրոպական կարեւորագոյն մայրուղիներ են: Հայերը կը վանկարկեն, որ պէտք է վերջ դնել ատրպէյճանա-թրքական յարձակման, Էրտողանն ահաբեկիչ է: Եռագոյնով փակուած հարիւրաւոր մեքենաներ, հազարաւոր մարդիկ մայրուղիներու վրայ կը պահանջեն նաեւ արդար լուսաբանում, Արցախի անկախութեան ճանաչում: Հայերու կողմէ փակուած են Եւրոպայի ամենակարեւոր միջպետական մայրուղիները, երթեւեկութիւնը կաթուածահար է Ֆրանսայէն Սպանիա, Ֆրանսայէն Պելճիքա, Պելճիքայէն Հոլանտա, Ֆրանսայէն Զուիցերիա, Հոլանտայէն Գերմանիա, Լիւքսըմպուրկ-Պելճիքա-Ֆրանսա ճանապարհներուն:      
16 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Հայերը փակած են եւրոպական կարեւորագոյն մայրուղիները

Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը դատապարտող եւ ի պաշտպանութիւն Արցախի կազմակերպուող բողոքի ցոյցերը, բազմամարդ հաւաքները աշխարհի տարբեր կէտերուն մէջ կը շարունակուին: Մեր հայրենակիցները փակած են Հոլանտան Պելճիքային կապող եւ Համպուրկ-Պերլին ճանապարհները: Անոնք եւրոպական կարեւորագոյն մայրուղիներ են:

Հայերը կը վանկարկեն, որ պէտք է վերջ դնել ատրպէյճանա-թրքական յարձակման, Էրտողանն ահաբեկիչ է:

Եռագոյնով փակուած հարիւրաւոր մեքենաներ, հազարաւոր մարդիկ մայրուղիներու վրայ կը պահանջեն նաեւ արդար լուսաբանում, Արցախի անկախութեան ճանաչում:

Հայերու կողմէ փակուած են Եւրոպայի ամենակարեւոր միջպետական մայրուղիները, երթեւեկութիւնը կաթուածահար է Ֆրանսայէն Սպանիա, Ֆրանսայէն Պելճիքա, Պելճիքայէն Հոլանտա, Ֆրանսայէն Զուիցերիա, Հոլանտայէն Գերմանիա, Լիւքսըմպուրկ-Պելճիքա-Ֆրանսա ճանապարհներուն:

 

 

 

Գնդապետ Վահագն Ասատրյանը՝ Հայաստանի ազգային հերոս
Նախորդ նիւթը

Գնդապետ Վահագն Ասատրյանը՝ Հայաստանի ազգային հերոս

«Սմերչ»ը, «Լոռա»ն, «Տրոն»ը եւ նորագոյն բոլոր զինատեսակները չափազանց կարեւոր են, բայց առաջին գործօնը կամքն է. Յովհաննիսեան
Յաջորդ նիւթը

«Սմերչ»ը, «Լոռա»ն, «Տրոն»ը եւ նորագոյն բոլոր զինատեսակները չափազանց կարեւոր են, բայց առաջին գործօնը կամքն է. Յովհաննիսեան

ԱնցնիլՎեր