Հայկական կողմը ատրպէյճանական ԶՈՒ ուղղութեամբ կրակ չի բացել. ՀՀ ՊՆ

Պաքուն կը պնդէ՝ հայկական կողմը կրակ բացած է Քելբաջարի շրջանի ուղղութեամբ, Երեւան կը հերքէ: «Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները առանց որեւէ պատճառաբանութեան կրակ բացած են Քելբաջարի շրջանի Զաիլիկ գիւղը տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ», յայտարարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը`նշելով, որ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է ատրպէյճանական կողմի տարածած հաղորդագրութիւնը: «Դեկտեմբերի 8-ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, ըստ որի՝ ՀՀ զինուած ուժերը գնդակոծել են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական ԶՈՒ մարտական դիրքերը՝ ապատեղեկատուութիւն է։ Հայկական կողմը ատրպէյճանական ԶՈՒ ուղղութեամբ կրակ չի բացել», — ըսուած է ՀՀ ՊՆ հաղորդագրութեամբ։
9 Դեկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Հայկական կողմը ատրպէյճանական ԶՈՒ ուղղութեամբ կրակ չի բացել. ՀՀ ՊՆ

Պաքուն կը պնդէ՝ հայկական կողմը կրակ բացած է Քելբաջարի շրջանի ուղղութեամբ, Երեւան կը հերքէ:

«Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները առանց որեւէ պատճառաբանութեան կրակ բացած են Քելբաջարի շրջանի Զաիլիկ գիւղը տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ», յայտարարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը`նշելով, որ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է ատրպէյճանական կողմի տարածած հաղորդագրութիւնը:

«Դեկտեմբերի 8-ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, ըստ որի՝ ՀՀ զինուած ուժերը գնդակոծել են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական ԶՈՒ մարտական դիրքերը՝ ապատեղեկատուութիւն է։ Հայկական կողմը ատրպէյճանական ԶՈՒ ուղղութեամբ կրակ չի բացել», — ըսուած է ՀՀ ՊՆ հաղորդագրութեամբ։

Վերսկսիլ աշխատանքները, խուսափիլ սադրանքներէ. ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները հանդէս եկած են Ղարաբաղի վերաբերեալ յայտարարութեամբ
Նախորդ նիւթը

Վերսկսիլ աշխատանքները, խուսափիլ սադրանքներէ. ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները հանդէս եկած են Ղարաբաղի վերաբերեալ յայտարարութեամբ

Վարչապետը կրկին պնդեց՝ ՀՀ-ն շահագրգռուած է բոլոր տնտեսական եւ փոխադրային կապերու բացմամբ
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետը կրկին պնդեց՝ ՀՀ-ն շահագրգռուած է բոլոր տնտեսական եւ փոխադրային կապերու բացմամբ

ԱնցնիլՎեր