ՀԱՊԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը այցելեց Եռաբլուր

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովն այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցելու արցախեան պատերազմներուն զոհուած հերոսներու յիշատակին։ Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին ուղեկցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահէ Գէորգեանը։ Իմանկալի Թասմակամպեթովը ծաղկեպսակ դրած է արցախեան պատերազմներուն զոհուած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի մօտ։  ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը Հայաստան ժամանած է 16 մարտին։ Ան եղած է Ջերմուկ, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է, ծանօթացած է 2022 թուականի սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի վրայ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքներուն։ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը 16 մարտին հանդիպած է նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ։
17 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
ՀԱՊԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը այցելեց Եռաբլուր

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովն այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցելու արցախեան պատերազմներուն զոհուած հերոսներու յիշատակին։

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին ուղեկցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահէ Գէորգեանը։

Իմանկալի Թասմակամպեթովը ծաղկեպսակ դրած է արցախեան պատերազմներուն զոհուած հայորդիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի մօտ։ 

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը Հայաստան ժամանած է 16 մարտին։ Ան եղած է Ջերմուկ, ուր շարք մը հանդիպումներ ունեցած է, ծանօթացած է 2022 թուականի սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի վրայ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքներուն։ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը 16 մարտին հանդիպած է նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ։

ԼՂ հայութեան նկատմամբ հնչող վիրաւորական բառապաշարը ի ցոյց կը դնէ էթնիկ զտումներ իրականացնելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը. ՀՀ ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

ԼՂ հայութեան նկատմամբ հնչող վիրաւորական բառապաշարը ի ցոյց կը դնէ էթնիկ զտումներ իրականացնելու Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը. ՀՀ ԱԳՆ

Եռակողմ յայտարարութեան որեւէ դրոյթ չկայ, որ Պաքուն խախտած չըլլայ. Միրզոյեանը՝ Լաւրովին
Յաջորդ նիւթը

Եռակողմ յայտարարութեան որեւէ դրոյթ չկայ, որ Պաքուն խախտած չըլլայ. Միրզոյեանը՝ Լաւրովին

ԱնցնիլՎեր