Հարցուածներու 85%-ը հաւանութիւն կու տայ ՀՀ վարչապետի գործունէութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հարցուածներու 85%-ը հաւանութիւն կու տայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գործունէութեան: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին 3 յուլիսին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է «GALLUP International Association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ «Էմ Փի ՃԻ» ՍՊԸ տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը: «Քաղաքացիներէն խնդրած ենք պատասխանել այն հարցին, թէ ինչպէս կը գնահատեն ներքոշարադրեալներու գործունէութիւնը. ընդդիմութեան գործունէութեան հաւանութիւն կու տայ հարցուածներու 22,7%-ը, Ազգային ժողովի գործունէութեան՝ 54,7%-ը, կառավարութեան գործունէութեան՝ 67,9%-ը, նախագահի գործունէութեան՝ 79,3%, վարչապետի գործունէութեան՝ 85%-ը»,- ըսած է Նաւասարդեանը: Հարցումները իրականացուած են հեռախօսազանգերու միջոցով: Հարցման մասնակիցներու քանակը 1 002 անձ է: Հետազօտութեան այլընտրանքային սխալը՝ 3%: Ընտրանքը ներկայացուցչական է՝ ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան սեռատարիքային կազմի եւ բնակութեան վայրի:
3 Հուլիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Հարցուածներու 85%-ը հաւանութիւն կու տայ ՀՀ վարչապետի գործունէութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հարցուածներու 85%-ը հաւանութիւն կու տայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գործունէութեան: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին 3 յուլիսին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է «GALLUP International Association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ «Էմ Փի ՃԻ» ՍՊԸ տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը:

«Քաղաքացիներէն խնդրած ենք պատասխանել այն հարցին, թէ ինչպէս կը գնահատեն ներքոշարադրեալներու գործունէութիւնը. ընդդիմութեան գործունէութեան հաւանութիւն կու տայ հարցուածներու 22,7%-ը, Ազգային ժողովի գործունէութեան՝ 54,7%-ը, կառավարութեան գործունէութեան՝ 67,9%-ը, նախագահի գործունէութեան՝ 79,3%, վարչապետի գործունէութեան՝ 85%-ը»,- ըսած է Նաւասարդեանը:

Հարցումները իրականացուած են հեռախօսազանգերու միջոցով: Հարցման մասնակիցներու քանակը 1 002 անձ է: Հետազօտութեան այլընտրանքային սխալը՝ 3%: Ընտրանքը ներկայացուցչական է՝ ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան սեռատարիքային կազմի եւ բնակութեան վայրի: Հետազօտութիւնը իրականացուած է 10-27 յունիսին:

 

Նիկոլ Փաշինեանի նոր փոխնախարար նշանակած է
Նախորդ նիւթը

Նիկոլ Փաշինեանի նոր փոխնախարար նշանակած է

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 27 320-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 27 320-ի

ԱնցնիլՎեր