Քննչական կոմէտի կողմէ քրէական գործ յարուցուած է Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի՝ արդարադատութեան նախարար եղած տարիներուն պաշտօնէական լիազօրութիւնները առերեւոյթ չարաշահելու վերաբերեալ:
Ըստ հաղորդման՝ տուեալներ ձեռք բերուած են առերեւոյթ կատարուած յանցագործութիւններուն Հրայր Թովմասեանի ուղղակի մասնակցութեան վերաբերեալ եւ հիմնաւորուած է, որ Բաղրամեան 1 փակուղի 14 շէնքի թիւ 162 տարածքը Երեւանի քաղաքապետարանի կազմակերպած աճուրդով փաստացի ձեռք բերուած է Թովմասեանի կողմէ։
Սահմանադրական դատարանի մամուլի բաժնէն «Ազատութիւն» փորձած է ստանալ ՍԴ նախագահի արձագանգը այս քրէական գործին, այնտեղ յայտնած են, որ Թովմասեանը այժմ արձակուրդի մէջ կը գտնուի․ — «Այդ իսկ պատճառով, խնդիրներ կարող են առաջանալ զուտ իր հետ կապի տեսանկիւնից»:
«Ազատութիւն»ը այցելած է նշուած տարածք, ուր կը գործէ 3 նոտարական գրասենեակ։ Նոտարները հրաժարած են տեսախցիկի առջեւ մեկնաբանութիւն տալէ, սակայն յայտնած են, որ տարածքը վարձակալած են մասնաւոր սեփականատէրէն, թէ որմէ, փակագիծերը չեն բացած՝ նշելով, որ գործը նախաքննութեան փուլի մէջ է, որեւէ հարցի չեն կրնար պատասխանել:
Իր հերթին, 28 Հոկտեմբերի ուշ երեկոյեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքը եւս յայտնած է Արդարադատութեան նախարարութեան առնչուող քրէական գործի մասին՝ առանց անուններ նշելու, թէ որոնք են այս գործով անցնող կասկածեալները, սակայն քննչական գործողութիւնները մասամբ կը վերաբերին նաեւ Թովմասեանի պաշտօնավարման տարիներուն։
Ըստ այս հաղորդագրութեան՝ բացայայտած են բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց կողմէ 2011-2015 թուականներու ընթացքին առերեւոյթ պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ անոր օժանդակելու դէպքեր, որոնք կ’առնչուին շինարարական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վարորդին նաեւ այլ պաշտօններու գրանցելուն, ինչի հետեւանքով դուրս գրուած է վարորդի աշխատավարձէն շուրջ 1 միլիոն 841 հազար դրամով աւելի գումար։
Զուգահեռ Յատուկ քննչական ծառայութեան կողմէ կ’ընթանայ իշխանութիւնը զաւթելու յօդուածով յարուցուած քրէական գործի քննութիւնը, որուն մէջ այժմ 2 անձ ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ՝ ԱԺ նախկին նախագահ Արա Բաբլոյեանը եւ ԱԺ աշխատակազմի ղեկավարի նախկին տեղակալ Արսէն Բաբայեանը։ Սակայն, բուն քրէական գործը կը վերաբերի տարբեր խախտումներու միջոցով Հրայր Թովմասեանի՝ մինչեւ 2040 թուականը Սահմանադրական դատարանի նախագահ դառնալուն օժանդակելուն։
Հակառակ 3 տարբեր քրէական մարմիններու մօտ յարուցուած գործերուն, Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամները, ինչպէս նաեւ «Քաղաքացիական պայամանագրի» միւս ներկայացուցիչները կը հրաժարին Թովմասեանի շուրջ տեղի ունեցածը դիտարկել քաղաքական ծիրէ ներս։