Հրանդ Տինքի անուան մրցանակին արժանացան Օսման Քաւալան եւ Մուզն Հասանը

Հրանդ Տինքի անուան միջազգային մրցանակի այս տարուայ դափնեկիրը թուրք նշանաւոր հասարակական գործիչ՝ Օսման Քաւալան է: Աւելի քան հազար օր ճաղերուն ետեւը գտնուող Քաւալան Սիլիվրիի բանտէն յղած իր ուղերձին մէջ նշած է. — « Կը հաւատամ, որ հասարակութեան տարբեր հատուածներու եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող մարդոց միջեւ առկայ նախապաշարումները հնարաւոր է յաղթահարել մտածելով, խօսելով եւ լսելու միջոցով»: Իր խօսքին մէջ Քաւալան յիշած է նաեւ բանտ գտնուող քուրտ քաղաքական գործիչ՝ Սելահաթտին Տեմիրթաշին, լրագրող, հրապարակախօս՝ Ահմետ Ալթանին, բանտարկուած միւս լրագրողներուն եւ հացադուլի հետեւանքով վերջերս մահացած փաստաբան՝ Էպրու Թիմթիքին: Թուրքիայէն դուրս գործունէութիւն ծաւալող գործիչներէն՝ Տինքի անուան մրցանակին արժանացած է կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող եգիպտացի
17 Սեպտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Հրանդ Տինքի անուան մրցանակին արժանացան Օսման Քաւալան եւ Մուզն Հասանը

Հրանդ Տինքի անուան միջազգային մրցանակի այս տարուայ դափնեկիրը թուրք նշանաւոր հասարակական գործիչ՝ Օսման Քաւալան է:

Աւելի քան հազար օր ճաղերուն ետեւը գտնուող Քաւալան Սիլիվրիի բանտէն յղած իր ուղերձին մէջ նշած է. — « Կը հաւատամ, որ հասարակութեան տարբեր հատուածներու եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապրող մարդոց միջեւ առկայ նախապաշարումները հնարաւոր է յաղթահարել մտածելով, խօսելով եւ լսելու միջոցով»:

Իր խօսքին մէջ Քաւալան յիշած է նաեւ բանտ գտնուող քուրտ քաղաքական գործիչ՝ Սելահաթտին Տեմիրթաշին, լրագրող, հրապարակախօս՝ Ահմետ Ալթանին, բանտարկուած միւս լրագրողներուն եւ հացադուլի հետեւանքով վերջերս մահացած փաստաբան՝ Էպրու Թիմթիքին:

Թուրքիայէն դուրս գործունէութիւն ծաւալող գործիչներէն՝ Տինքի անուան մրցանակին արժանացած է կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող եգիպտացի աքթիւիսթ՝ Մուզն Հասանը:

«Նման արժէքաւոր մրցանակ ստանալը կ’իմաստաւորէ իմ վերապրած բոլոր դժուարութիւնները եւ կը յիշեցնէ առանց յուսահատելու պայքարը շարունակելու կարեւորութեան մասին»,-ոգեւորութեամբ նշած է Հասանը:

Արդէն 12-րդ անգամ Սեպտեմբեր 15-ին, Տինքի ծննդեան օրը տեղի ունեցող միջոցառումը այս տարի առցանց հարթակով կայացաւ: Արարողութեան ուղիղ եթերով հեռարձակումը «Ակօս»-ի նախկին խմբագրատան շէնքէն՝ «23,5»-էն էր, որ վերածուած է Հրանդ Տինքի յիշողութեան վայրի:
 

«Կը խնդրեմ ամպագորգոռ յայտարարութիւններով չվախցնել». Արայիկ Յարութիւնեան պիտի չհրաժարի
Նախորդ նիւթը

«Կը խնդրեմ ամպագորգոռ յայտարարութիւններով չվախցնել». Արայիկ Յարութիւնեան պիտի չհրաժարի

ԵՊՀ նախկին վարիչ Արամ Սիմոնեանին մեղադրանք առաջադրուած է
Յաջորդ նիւթը

ԵՊՀ նախկին վարիչ Արամ Սիմոնեանին մեղադրանք առաջադրուած է

ԱնցնիլՎեր