Մամուլի հարցով դրական գնահատական Հայաստանին

Աշխարհի 180 պետութիւններու շարքին, մամուլի ազատութեան մակարդակով Հայաստանը 61-րդ տեղն է՝ Վրաստանի, Լեհաստանի եւ Խրուաթիոյ հետ գրեթէ նոյն մակարդակի վրայ: Այդ կը վկայեն աշխարհի ամենահեղինակաւոր լրագրողական կառոյցներէն մեկուն՝ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան հրապարակած տարեկան զեկոյցի տուեալները: «Մամուլի ազատութիւնը աշխարհին մէջ 2020 թուականին» վերնագրուած այս փաստաթուղթը, ընդհանուր առմամբ դրական գնահատած է Հայաստանի լրատուական տիրող մթնոլորտը, զեկոյցի հեղինակները զայն բնութագրած են «Բազմազան, բայց դեռեւս ոչ անկախ»: «Լրատուական բազմազանութիւնը երկրին մէջ կը ծաղկի, սակայն Հայաստան 2018 թուականին տեղի ունեցած «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» յետոյ ձեւաւորուած կառավարութիւնը չէ կարողացած յաղթահարել լրատուական դաշտի առկայ բեւեռացումը», — նշած են զեկոյցի հեղինակները, աւելցնելով, — «Երկրին մէջ գործող հիմնական հեռուստաալիքներու
22 Ապրիլի 2020
6 ր. ընթերցում
Մամուլի հարցով դրական գնահատական Հայաստանին

Աշխարհի 180 պետութիւններու շարքին, մամուլի ազատութեան մակարդակով Հայաստանը 61-րդ տեղն է՝ Վրաստանի, Լեհաստանի եւ Խրուաթիոյ հետ գրեթէ նոյն մակարդակի վրայ:

Այդ կը վկայեն աշխարհի ամենահեղինակաւոր լրագրողական կառոյցներէն մեկուն՝ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան հրապարակած տարեկան զեկոյցի տուեալները:

«Մամուլի ազատութիւնը աշխարհին մէջ 2020 թուականին» վերնագրուած այս փաստաթուղթը, ընդհանուր առմամբ դրական գնահատած է Հայաստանի լրատուական տիրող մթնոլորտը, զեկոյցի հեղինակները զայն բնութագրած են «Բազմազան, բայց դեռեւս ոչ անկախ»:

«Լրատուական բազմազանութիւնը երկրին մէջ կը ծաղկի, սակայն Հայաստան 2018 թուականին տեղի ունեցած «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» յետոյ ձեւաւորուած կառավարութիւնը չէ կարողացած յաղթահարել լրատուական դաշտի առկայ բեւեռացումը», — նշած են զեկոյցի հեղինակները, աւելցնելով, — «Երկրին մէջ գործող հիմնական հեռուստաալիքներու խմբագրական քաղաքականութիւնը կը համընկնի անոնց սեփականատէրերու շահերուն: Դեռ շատ ընելիք կայ լրագրողական անկախութեան եւ լրատուամիջոցներու պատկանելիութեան շուրջ, թափանցիկութեան հասնելու համար»:

Զեկոյցի հեղինակները նաեւ կեղծ լուրերու տարածման դէմ պայքարին մասին արձանագրած են. «Մտահոգութիւններ առկայ են լրագրողներու դէմ դատական գործընթացներու, ինչպէս նաեւ կեղծ լուրերու դէմ պայքարի որոշակի անհամաչափութեան հետ կապուած: Անվտանգութեան ուժերու ներգրաւումը ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարին, ընկերային ցանցերու որոշ օգտատէրերու, անոր յաջորդող ձերբակալութիւնները, ինչպէս նաեւ առանց քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրագրողներու հետ նախապէս քննարկման [այս ոլորտին] վերաբերող օրէնքները ընդունելու փորձերը եւս մտահոգիչ են»:

«Հետաքննական լրագրութիւնը [հայաստանեան] համացանցէն ներս կը ծաղկի, լուրջ տեղ զբաղեցնելով քորուփցիայի դէմ պայքարի համապետական արշաւին մէջ», — նշած են զեկոյցի հեղինակները:

Աւելցնենք, որ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան այս զեկոյցին մէջ Հայաստանը արդէն երկրորդ տարին է, որ 61-րդ տեղը կը գրաւէ: 2018-ին՝ Հայաստանը 80-րդն էր:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1473-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1473-ի

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու համատեղ յայտարարութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու համատեղ յայտարարութիւնը

ԱնցնիլՎեր