Մարտական յենակէտ մեքենայով սնունդ տեղափոխելու ժամանակ մոլորուած զինծառայողը յայտնաբերուած է. ՀՀ ՊՆ

ՀՀ Զինուած Ուժերու զինծառայող Մ. Գ.-ն, որ մարտ 21-ին մարտական յենակէտ մեքենայով սնունդ տեղափոխելու ժամանակ մոլորուած էր տեղանքին մէջ, այսօր որոնողափրկարարական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած է: Զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար: Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն: Աւելի վաղ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր՝ մարտի 21-ին՝ ժամը 12:20-ի սահմաններուն, ՀՀ Զինուած Ուժերու զինծառայող Մ. Գ.-ն, մարտական յենակէտ մեքենայով սնունդ տեղափոխելու ժամանակ, վատ տեսանելիութեան եւ մառախուղի պայմաններու մէջ, նախնական տուեալներով, մոլորուած է տեղանքին մէջ ու մեքենայով յայտնուած ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ։ Մեկնարկած էին որոնողափրկարարական աշխատանքներ:
22 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
Մարտական յենակէտ մեքենայով սնունդ տեղափոխելու ժամանակ մոլորուած զինծառայողը յայտնաբերուած է. ՀՀ ՊՆ

ՀՀ Զինուած Ուժերու զինծառայող Մ. Գ.-ն, որ մարտ 21-ին մարտական յենակէտ մեքենայով սնունդ տեղափոխելու ժամանակ մոլորուած էր տեղանքին մէջ, այսօր որոնողափրկարարական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած է:

Զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար: Այս մասին յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Աւելի վաղ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր՝ մարտի 21-ին՝ ժամը 12:20-ի սահմաններուն, ՀՀ Զինուած Ուժերու զինծառայող Մ. Գ.-ն, մարտական յենակէտ մեքենայով սնունդ տեղափոխելու ժամանակ, վատ տեսանելիութեան եւ մառախուղի պայմաններու մէջ, նախնական տուեալներով, մոլորուած է տեղանքին մէջ ու մեքենայով յայտնուած ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ։

Մեկնարկած էին որոնողափրկարարական աշխատանքներ:

Ուաշինկթըն անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած վայրագութիւններուն
Նախորդ նիւթը

Ուաշինկթըն անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած վայրագութիւններուն

Ատրպէյճանը կրակ բացած է Արցախի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող մարդոց ուղղութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը կրակ բացած է Արցախի մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող մարդոց ուղղութեամբ

ԱնցնիլՎեր