Մենք պատմութիւն կերտիցինք. Քիմ Քարտաշեանն անդրադարձած է ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին

Աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը իր «Ինսթակրամ»-ի էջի միլիոնաւոր հետեւորդներուն հետ կիսուած է  ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող պատմական բանաձեւի ընդունման մասին հրապարակումներով: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ մասնաւորապէս Քարտաշեանը «սթորի» բաժնին մէջ հրապարկած է նկար, որուն մէջ գրուած է՝ «Այսօր մենք պատմութիւն կերտեցինք»: Յաջորդ նկարով Քարտաշեանն իր  հետեւորդներուն ներկայացուցած  է բանաձեւի քուէարկութեան արդիւնքները: Հեռուստաաստղը իր 150 միլիոն հետեւորդներուն հետ կիսուած է նաեւ «Թուիթըր»-ի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ կատարած գրառմամբ: Քարտաշեանը  նաեւ մաղթած է բարի ընթերցանութիւն՝ տրամադրելով «The New Yor Times»-ի՝ բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ հրապարկման աշխոյժ յղումը: Նախքան բանաձեւի ընդունումը աշխարհահռչակ հեռուստաաստղը կոչ ըրած էր ամերիկահայերուն՝ ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատէն պահանջել ընդունիլ հայոց ցեղասպանութիւնը:  
30 Հոկտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
Մենք պատմութիւն կերտիցինք. Քիմ Քարտաշեանն անդրադարձած է ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին

Աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը իր «Ինսթակրամ»-ի էջի միլիոնաւոր հետեւորդներուն հետ կիսուած է  ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող պատմական բանաձեւի ընդունման մասին հրապարակումներով: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ մասնաւորապէս Քարտաշեանը «սթորի» բաժնին մէջ հրապարկած է նկար, որուն մէջ գրուած է՝ «Այսօր մենք պատմութիւն կերտեցինք»: Յաջորդ նկարով Քարտաշեանն իր  հետեւորդներուն ներկայացուցած  է բանաձեւի քուէարկութեան արդիւնքները:

Հեռուստաաստղը իր 150 միլիոն հետեւորդներուն հետ կիսուած է նաեւ «Թուիթըր»-ի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ կատարած գրառմամբ: Քարտաշեանը  նաեւ մաղթած է բարի ընթերցանութիւն՝ տրամադրելով «The New Yor Times»-ի՝ բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ հրապարկման աշխոյժ յղումը:

Նախքան բանաձեւի ընդունումը աշխարհահռչակ հեռուստաաստղը կոչ ըրած էր ամերիկահայերուն՝ ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատէն պահանջել ընդունիլ հայոց ցեղասպանութիւնը:

 

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ողջունեց ԱՄՆ ներկայացուցիչներու տան որոշումը
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ողջունեց ԱՄՆ ներկայացուցիչներու տան որոշումը

ԱնցնիլՎեր