Մեր աղօթքները Աւստրիոյ ժողովուրդի հետ են. վարչապետ Փաշինեանը ցաւակցած է ահաբեկչութիւններու առնչութեամբ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ցաւակցած է Աւստրիոյ ժողովուրդին 2 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու առնչութեամբ: «Մեր աղօթքները Աւստրիոյ ժողովուրդի հետ են: Լեռնային Ղարաբաղն արդէն մէկ ամիսէ աւելի կը պայքարի ատրպէյճանա-թրքական ահաբեկչական ուժերու դէմ: Ես կը կիսեմ Աւստրիոյ ժողովուրդի վիշտը, համբերութիւն կը մաղթեմ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորներուն»,-«Թվիթըր»-ի իր էջին նշած է վարչապետ Փաշինեանը: Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ գտնուող սինակոկի մը մէջ անյայտ անձ մը քանի մը կրակոց արձակած եւ ինքզինք պայթեցուցած է: Ըստ Վիեննայի տեղական լրատուամիջոցներուն, կան 7 զոհեր: Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը չէ բացառած, որ դէպքը կապ ունենայ ահաբեկչութեան հետ` աւելցնելով, որ յարձակումը
3 Նոյեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Մեր աղօթքները Աւստրիոյ ժողովուրդի հետ են. վարչապետ Փաշինեանը ցաւակցած է ահաբեկչութիւններու առնչութեամբ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ցաւակցած է Աւստրիոյ ժողովուրդին 2 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու առնչութեամբ:

«Մեր աղօթքները Աւստրիոյ ժողովուրդի հետ են: Լեռնային Ղարաբաղն արդէն մէկ ամիսէ աւելի կը պայքարի ատրպէյճանա-թրքական ահաբեկչական ուժերու դէմ: Ես կը կիսեմ Աւստրիոյ ժողովուրդի վիշտը, համբերութիւն կը մաղթեմ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում՝ վիրաւորներուն»,-«Թվիթըր»-ի իր էջին նշած է վարչապետ Փաշինեանը:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ գտնուող սինակոկի մը մէջ անյայտ անձ մը քանի մը կրակոց արձակած եւ ինքզինք պայթեցուցած է:

Ըստ Վիեննայի տեղական լրատուամիջոցներուն, կան 7 զոհեր: Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը չէ բացառած, որ դէպքը կապ ունենայ ահաբեկչութեան հետ` աւելցնելով, որ յարձակումը կատարած են մէկէ աւելի անձեր:

 

Ատրպէյճան կ՚օգտագործէ հրկիզող եւ արգիլուած զէնքեր
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճան կ՚օգտագործէ հրկիզող եւ արգիլուած զէնքեր

Ընկ. Պապահէքեան աշխատեցաւ բարձր պահել մեր սիրելի կուսակցութեան անունը. Դամբանական խօսք՝ Ընկեր Կարապետ Պապահէքեանի մահուան առթիւ
Յաջորդ նիւթը

Ընկ. Պապահէքեան աշխատեցաւ բարձր պահել մեր սիրելի կուսակցութեան անունը. Դամբանական խօսք՝ Ընկեր Կարապետ Պապահէքեանի մահուան առթիւ

ԱնցնիլՎեր