Մեր տղաներու մարտական ոգին ու տրամադրուածութիւնը յաղթանակի հանդէպ միայն մեծ վստահութիւն կը ներշնչէ. ԱՀ Նախագահ

ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը դիմատետրի իր էջին նոր գրառում ըրած է: «Սիրելի ՛ հայրենակիցներ, Ամէն անգամ առաջնագիծէն կը վերադառնամ նոր ու թարմացած ուժերով: Մեր տղաներու մարտական ոգին ու տրամադրուածութիւնը յաղթանակի հանդէպ միայն մեծ վստահութիւն կը ներշնչէ: Արհեստավարժ զինուորականներու, ժամկէտայիններու եւ աշխարհազօրի սերտ փոխգործակցուած աշխատանքն ու կողք-կողքի ճիշդ գործելու ունակութիւնը ամէն օր կ’արտայայտուին նոր սխրանքներով: Եւ այսօր շատ կարեւոր է, որ անոնց ոգեւորութիւնն ու վճռականութիւնը վարակիչ դառնան նաեւ թիկունքին գտնուողներուն համար: Թշնամիի դէմ արդիւնաւէտ պայքար մղելու եւ յաղթանակի հասնելու բոլորիս հաւաքական ցանկութիւնը կրնանք կեանքի կոչել մեր ուժերու նկատմամբ անվերապահ հաւատի ու միասնական ջանքերու շնորհիւ»:
22 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Մեր տղաներու մարտական ոգին ու տրամադրուածութիւնը յաղթանակի հանդէպ միայն մեծ վստահութիւն կը ներշնչէ. ԱՀ Նախագահ

ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը դիմատետրի իր էջին նոր գրառում ըրած է:

«Սիրելի ՛ հայրենակիցներ,

Ամէն անգամ առաջնագիծէն կը վերադառնամ նոր ու թարմացած ուժերով: Մեր տղաներու մարտական ոգին ու տրամադրուածութիւնը յաղթանակի հանդէպ միայն մեծ վստահութիւն կը ներշնչէ:

Արհեստավարժ զինուորականներու, ժամկէտայիններու եւ աշխարհազօրի սերտ փոխգործակցուած աշխատանքն ու կողք-կողքի ճիշդ գործելու ունակութիւնը ամէն օր կ’արտայայտուին նոր սխրանքներով: Եւ այսօր շատ կարեւոր է, որ անոնց ոգեւորութիւնն ու վճռականութիւնը վարակիչ դառնան նաեւ թիկունքին գտնուողներուն համար:

Թշնամիի դէմ արդիւնաւէտ պայքար մղելու եւ յաղթանակի հասնելու բոլորիս հաւաքական ցանկութիւնը կրնանք կեանքի կոչել մեր ուժերու նկատմամբ անվերապահ հաւատի ու միասնական ջանքերու շնորհիւ»:

Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովի անդամները Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն  հեռացնելու առաջարկ ըրած են
Նախորդ նիւթը

Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովի անդամները Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն հեռացնելու առաջարկ ըրած են

Երաժիշտներն Արցախի համար․ խաղաղութեան համերգ՝ Սերժ Թանքեանի եւ Տիգրան Համասեանի մասնակցութեամբ
Յաջորդ նիւթը

Երաժիշտներն Արցախի համար․ խաղաղութեան համերգ՝ Սերժ Թանքեանի եւ Տիգրան Համասեանի մասնակցութեամբ

ԱնցնիլՎեր