«Միասին յաղթահարենք համաճարակը». Նախագահ Սարգսեան COVID-19 Հայաստանի վերաբերեալ յատուկ կոչով հանդէս եկաւ

«COVID-19 Հայաստան. Միասին յաղթահարենք համաճարակը» խորագրով համահայկական դրամահաւաքի մասին Նախագահ Արմէն Սարգսեանի կոչը.- Հաշուի առնելով նոր «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածման վտանգները, ինչպէս նաեւ անկէ բխող առողջապահական, ընկերային-տնտեսական համաշխարհային մարտահրաւէրները, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ընդգրկուն ու համապարփակ ձեւաչափով կ’ընդլայնէ «COVID-19 Հայաստան. Միասին յաղթահարենք համաճարակը» խորագրով համահայկական դրամահաւաքը: Կոչ կ’ընեմ Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած բոլոր պետական այրերուն, հոգեւոր առաջնորդներուն, սփիւռքի մէջ գործող կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, անհատներուն՝ իրենց ողջ ներուժն ուղղելու այս դրամահաւաքին, օգտագործելով բացառապէս Հիմնադրամի խողովակները: Այն է՝ դրամական փոխանցումներ իրականացնել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կայքին մէջ յատուկ այս նախաձեռնութեան համար ստեղծուած առցանց հարթակին կամ դրամատնային հաշուեհամարի միջոցով, ինչպէս նաեւ սփիւռքի համայնքներուն
20 Ապրիլի 2020
4 ր. ընթերցում
«Միասին յաղթահարենք համաճարակը». Նախագահ Սարգսեան COVID-19 Հայաստանի վերաբերեալ յատուկ կոչով հանդէս եկաւ

«COVID-19 Հայաստան. Միասին յաղթահարենք համաճարակը» խորագրով
համահայկական դրամահաւաքի մասին Նախագահ Արմէն Սարգսեանի կոչը.-

Հաշուի առնելով նոր «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածման վտանգները, ինչպէս նաեւ անկէ բխող առողջապահական, ընկերային-տնտեսական համաշխարհային մարտահրաւէրները, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ընդգրկուն ու համապարփակ ձեւաչափով կ’ընդլայնէ «COVID-19 Հայաստան. Միասին յաղթահարենք համաճարակը» խորագրով համահայկական դրամահաւաքը:

Կոչ կ’ընեմ Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած բոլոր պետական այրերուն, հոգեւոր առաջնորդներուն, սփիւռքի մէջ գործող կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, անհատներուն՝ իրենց ողջ ներուժն ուղղելու այս դրամահաւաքին, օգտագործելով բացառապէս Հիմնադրամի խողովակները: Այն է՝ դրամական փոխանցումներ իրականացնել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կայքին մէջ յատուկ այս նախաձեռնութեան համար ստեղծուած առցանց հարթակին կամ դրամատնային հաշուեհամարի միջոցով, ինչպէս նաեւ սփիւռքի համայնքներուն մէջ կապուիլ Հիմնադրամի տեղական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ հաւաքագրուած միջոցները նաեւ այդ խողովակներով Հիմնադրամին փոխանցելու նպատակով:

Հաւաքագրուած ողջ միջոցները պիտի ուղղուին առողջապահութեան ոլորտին, ինչպէս նաեւ ամենահրատապ անհրաժեշտութիւն ունեցող ընկերային խնդիրներու լուծման:

 

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ,

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի
Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Նախագահ

 

Արմէն Սարգսեան

 

15 Ապրիլ, 2020թ.

Virtual Screening of "YEVA" and Discussion with Filmmaker Anahid Abad | Thursday, April 23 to Saturday, April 25
Նախորդ նիւթը

Առցանց Ցուցադրութիւն «ԵՒԱ» Ֆիլմին եւ Քննարկում Ֆիլմարտադրող Անահիտ Ապատի Հետ | Հինգշաբթի, 23 Ապրիլէն Շաբաթ, 25 Ապրիլին

62 նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը հասաւ 1401-ի
Յաջորդ նիւթը

62 նոր դէպք․ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու թիւը հասաւ 1401-ի

ԱնցնիլՎեր