Մինչ «Քորոնա»ի ալիքը կը նուազի. Հայաստան արտակարգ դրութիւնէն դէպի աւելի մեղմ պայմաններ

Ազգային ժողովի պետա-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովը Սեպտեմբեր 4-ին կը քննարկէ կառավարութեան ներկայացուցած օրէնսդրական փոփոխութիւններու փաթեթը, որ հնարաւորութիւն կու տայ ե՛ւ չերկարաձգել արդէն մօտ 7 ամիս Հայաստանի մէջ երկարող արտակարգ դրութիւնը, ե՛ւ շարունակել կատարել «Քորոնա» ժահրի դէմ հակահամաճարակային միջոցառումներ։ Կառավարութիւնը կ’առաջարկէ անհրաժեշտութեան պարագային քարանթին մտցնել ու սահմանափակումներ կիրառել։ Եթէ խորհրդարանը ընդունի կառավարութեան առաջարկած փաթեթը, ապա քարանթին սահմանելու պարագային հնարաւոր կ’ըլլայ արգիլել կամ սահմանափակել հաւաքներն ու այլ միջոցառումները եւ կրթական հաստատութիւններու գործունէութիւնը։ Օրէնքներով նախատեսուած այլ հակահամաճարակային միջոցառումներ նոյնպէս կրնան կիրառուիլ։ Ազգային Ժողովի պետա-իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ՝ Վլատիմիր Վարդանեանի խօսքով՝ կառավարութիւնը այս առաջարկները ներկայացնելով հեծանիւ չէ յօրինած: Ըստ Վարդանեանի` այսպիսի կարգաւորումներ կան գրեթէ
4 Սեպտեմբերի 2020
6 ր. ընթերցում
Մինչ «Քորոնա»ի ալիքը կը նուազի. Հայաստան արտակարգ դրութիւնէն դէպի աւելի մեղմ պայմաններ

Ազգային ժողովի պետա-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովը Սեպտեմբեր 4-ին կը քննարկէ կառավարութեան ներկայացուցած օրէնսդրական փոփոխութիւններու փաթեթը, որ հնարաւորութիւն կու տայ ե՛ւ չերկարաձգել արդէն մօտ 7 ամիս Հայաստանի մէջ երկարող արտակարգ դրութիւնը, ե՛ւ շարունակել կատարել «Քորոնա» ժահրի դէմ հակահամաճարակային միջոցառումներ։

Կառավարութիւնը կ’առաջարկէ անհրաժեշտութեան պարագային քարանթին մտցնել ու սահմանափակումներ կիրառել։ Եթէ խորհրդարանը ընդունի կառավարութեան առաջարկած փաթեթը, ապա քարանթին սահմանելու պարագային հնարաւոր կ’ըլլայ արգիլել կամ սահմանափակել հաւաքներն ու այլ միջոցառումները եւ կրթական հաստատութիւններու գործունէութիւնը։ Օրէնքներով նախատեսուած այլ հակահամաճարակային միջոցառումներ նոյնպէս կրնան կիրառուիլ։

Ազգային Ժողովի պետա-իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ՝ Վլատիմիր Վարդանեանի խօսքով՝ կառավարութիւնը այս առաջարկները ներկայացնելով հեծանիւ չէ յօրինած: Ըստ Վարդանեանի` այսպիսի կարգաւորումներ կան գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ. — «Եւրոպայի խորհրդի խորհրդարանական վեհաժողովը, Նախարարների կոմիտէն եւ ընդհանրապէս միջազգային այլ գործընկերներից շատերը ըստ էութեան կոչ էին արել ժամանակին, որպէսզի արտակարգ դրութեան ռեժիմից անցում կատարուի աւելի մեղմ ռեժիմին պայմանով, որ առողջապահական, համաճարակային իրավիճակը նման անցում թոյլատրում է: Հիմա կարծես թէ մեզ մօտ նկատուում է դէպքերի նուազում: Ես յուսամ, որ այս նուազումը կը շարունակուի, եւ մենք երկրորդ ալիքի հետ չենք բախուի»:

Սահմանուած միջոցառումները կը կիրառուին քարանթին սահմանելու հիմք հանդիսացած հանգամանքներու, հանրութեան համար վտանգաւոր վարակիչ հիւանդութիւններու տարածումը կանխելու եւ անոնց հետեւանքները վերացնելու նպատակներով։ Սահմանափակումները պէտք է համաչափ ըլլան այդ նպատակներուն: Անձերու ազատ տեղաշարժը նոյնպէս կարող է սահմանափակուիլ, պետական սահմանները հնարաւոր ըլլայ փակել։ Մեկուսացման ու ինքնամեկուսացման պահանջը կը շարունակուի գործել։
 

Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 44 461-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 44 461-ի

Ալիեւ մտահոգ. «Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի ռազմական համագործակցութիւնը կը մտահոգէ մեզ»
Յաջորդ նիւթը

Ալիեւ մտահոգ. «Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի ռազմական համագործակցութիւնը կը մտահոգէ մեզ»

ԱնցնիլՎեր