Միջազգային լրատուամիջոցները չեն կրնար մուտք գործել Ղարաբաղ՝ հրետակոծութեան հետեւանքով

Միջազգային լրատուամիջոցներու խումբը չի կրնար Հայաստանէն մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ ճանապարհին առկայ վտանգաւոր իրավիճակի պատճառով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, որուն յայտնած է այնտեղ աշխատող լրագրողներէն մէկը: «Մենք նախօրէին դուրս եկած ենք Երեւանէն, սակայն յայտնի դարձաւ, որ ճանապարհը հրետակոծութեան տակ է, ռումբը դպած է կամուրջին: Մենք ստիպուած եղանք գիշերել Կորիսի մէջ»,-յայտնած է լրագրողը: Խումբին մէջ են «BBC»-ի, «SkyNews»-ի եւ այլ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը հաստատած է տեղեկութիւնը: «Անոնք (Ատրպէյճանը-խմբ.) արդէն սկսած են կրակ բանալ մեծ հանրակառքերու ուղղութեամբ, «Press» գրառումը այլեւս չի փրկեր: Ատոր համար շատ վտանգաւոր է: Երբ հնարաւոր կ’ըլլայ կազմակերպել անոնց տեղափոխումը, դեռ պարզ չէ»,-յայտնած է կեդրոնի
3 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Միջազգային լրատուամիջոցները չեն կրնար մուտք գործել Ղարաբաղ՝ հրետակոծութեան հետեւանքով

Միջազգային լրատուամիջոցներու խումբը չի կրնար Հայաստանէն մուտք գործել Լեռնային Ղարաբաղ ճանապարհին առկայ վտանգաւոր իրավիճակի պատճառով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, որուն յայտնած է այնտեղ աշխատող լրագրողներէն մէկը:

«Մենք նախօրէին դուրս եկած ենք Երեւանէն, սակայն յայտնի դարձաւ, որ ճանապարհը հրետակոծութեան տակ է, ռումբը դպած է կամուրջին: Մենք ստիպուած եղանք գիշերել Կորիսի մէջ»,-յայտնած է լրագրողը: Խումբին մէջ են «BBC»-ի, «SkyNews»-ի եւ այլ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:

Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը հաստատած է տեղեկութիւնը: «Անոնք (Ատրպէյճանը-խմբ.) արդէն սկսած են կրակ բանալ մեծ հանրակառքերու ուղղութեամբ, «Press» գրառումը այլեւս չի փրկեր: Ատոր համար շատ վտանգաւոր է: Երբ հնարաւոր կ’ըլլայ կազմակերպել անոնց տեղափոխումը, դեռ պարզ չէ»,-յայտնած է կեդրոնի ներկայացուցիչը:  

Ատրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կը կ'իրառուի LAR-160 տեսակի արկեր
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանի կողմէ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կը կ’իրառուի LAR-160 տեսակի արկեր

Թէ՛ առաջնագիծին, թէ՛ թիկունքին ամուր կանգնած ենք Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործի դիրքերուն վրայ. Արայիկ Յարութիւնեան
Յաջորդ նիւթը

Թէ՛ առաջնագիծին, թէ՛ թիկունքին ամուր կանգնած ենք Հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործի դիրքերուն վրայ. Արայիկ Յարութիւնեան

ԱնցնիլՎեր