Մխիթարեանը ժամանած է Հռոմ.Ան հանդէս պիտի գայ «Ռոմա»ի շապիկով

Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեանը ժամանած է Հռոմի օդակայան:  «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` Pagineromaniste-ն յայտնած է, որ հայ կիսապաշտպանը բուժզննումը բարեյաջող անցընելէ ետք վարձավճարով պիտի միանայ «Ռոմա»-ին: «Ռոմա»-ն եւ Լոնտոնի «Արսէնալ»-ը արագ բանակցութիւններէ ետք, կնքած են պայմանագիրը: Ֆութպոլիստը Հռոմի մէջ մէկ մրցաշրջանի համար պիտի ստանայ աւելի քան 3,5 միլիոն եւրօ: Մխիթարեանը 2018—ի Յունուարէն հանդէս կու գայ լոնտոնեան խումբին մէջ, ուր տեղափոխուած էր «Մանչեսթըր Եունայթըտ»էն: «Արսէնալ»ի կազմին մէջ ընդհանուր առմամբ 59 հանդիպման մասնակցած է՝ դառնալով 9 կոլի եւ 13 կոլային փոխանցման հեղինակ:  
3 Սեպտեմբերի 2019
1 ր. ընթերցում
Մխիթարեանը ժամանած է Հռոմ.Ան  հանդէս պիտի գայ «Ռոմա»ի շապիկով

Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեանը ժամանած է Հռոմի օդակայան:

 «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ` Pagineromaniste-ն յայտնած է, որ հայ կիսապաշտպանը բուժզննումը բարեյաջող անցընելէ ետք վարձավճարով պիտի միանայ «Ռոմա»-ին:

«Ռոմա»-ն եւ Լոնտոնի «Արսէնալ»-ը արագ բանակցութիւններէ ետք, կնքած են պայմանագիրը: Ֆութպոլիստը Հռոմի մէջ մէկ մրցաշրջանի համար պիտի ստանայ աւելի քան 3,5 միլիոն եւրօ:

Մխիթարեանը 2018—ի Յունուարէն հանդէս կու գայ լոնտոնեան խումբին մէջ, ուր տեղափոխուած էր «Մանչեսթըր Եունայթըտ»էն: «Արսէնալ»ի կազմին մէջ ընդհանուր առմամբ 59 հանդիպման մասնակցած է՝ դառնալով 9 կոլի եւ 13 կոլային փոխանցման հեղինակ:

 

«Ան կը հարստանայ ժողովուրդի հաշուոյն». Կարօ Փայլան ծանրօրէն քննադատեց Էրտողանը
Նախորդ նիւթը

«Ան կը հարստանայ ժողովուրդի հաշուոյն». Կարօ Փայլան ծանրօրէն քննադատեց Էրտողանը

    Վարչապետ Փաշինեան կարեւորեց Արցախի  մէջ  ընտրութիւններ կայացնելու հարցը
Յաջորդ նիւթը

   Վարչապետ Փաշինեան կարեւորեց Արցախի  մէջ  ընտրութիւններ կայացնելու հարցը

ԱնցնիլՎեր