Յատուկ կարգադրութիւն համաշխարհային դրամատունէն. Չեղեալ համարուած է Հայաստանին տրամադրած վարկերու 1.7% տոկոսադրոյքը

Հաշուի առնելով աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած 2020 թուականին տնտեսական իրավիճակի վատթարացման վերաբերեալ կանխատեսումները՝ միջազգային ֆինանսական կառոյցները կը փորձեն հնարաւորինս աջակցիլ անդամ-պետութիւններուն յաղթահարելու համավարակի հետեւանքները: Այս  թեմայով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Համաշխարհային դրամատան համատեղ աշխատանքի որպէս արդիւնք, Զարգացման Միջազգային Ընկերակցութեան  կողմէ Հայաստանին տրամադրուած շարք մը վարկերու գծով գործող յաւելեալ տոկոսադրոյքի (տարեկան 1.7% դրոյքաչափով) կիրառման մասին նախապէս կայացած որոշումը մէկ տարի ժամկէտով չեղեալ համարուած է եւ պիտի չկիրառուի գանձային տարուայ ընթացքին (2020 թուականի Յուլիս 1-էն մինչեւ 2021 թուականի Յունիս 30-ը): Համաշխարհային Դրամատան եւ ՀՀ ֆինանսներու նախարարութեան գնահատականներով՝ յաւելեալ 1.7% տոկոսադրոյքի մէկ տարիով չեղեալ համարուելով՝ արտաքին տոկոսավճարներու գծով ՀՀ պետական
11 Հունիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Յատուկ կարգադրութիւն համաշխարհային դրամատունէն. Չեղեալ համարուած է Հայաստանին տրամադրած վարկերու 1.7% տոկոսադրոյքը

Հաշուի առնելով աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած 2020 թուականին տնտեսական իրավիճակի վատթարացման վերաբերեալ կանխատեսումները՝ միջազգային ֆինանսական կառոյցները կը փորձեն հնարաւորինս աջակցիլ անդամ-պետութիւններուն յաղթահարելու համավարակի հետեւանքները:

Այս  թեմայով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Համաշխարհային դրամատան համատեղ աշխատանքի որպէս արդիւնք, Զարգացման Միջազգային Ընկերակցութեան  կողմէ Հայաստանին տրամադրուած շարք մը վարկերու գծով գործող յաւելեալ տոկոսադրոյքի (տարեկան 1.7% դրոյքաչափով) կիրառման մասին նախապէս կայացած որոշումը մէկ տարի ժամկէտով չեղեալ համարուած է եւ պիտի չկիրառուի գանձային տարուայ ընթացքին (2020 թուականի Յուլիս 1-էն մինչեւ 2021 թուականի Յունիս 30-ը):

Համաշխարհային Դրամատան եւ ՀՀ ֆինանսներու նախարարութեան գնահատականներով՝ յաւելեալ 1.7% տոկոսադրոյքի մէկ տարիով չեղեալ համարուելով՝ արտաքին տոկոսավճարներու գծով ՀՀ պետական պիւտճէի տնտեսումը կը կազմէ մօտ 13 մլն ԱՄՆ տոլար:

Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 14 669-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստան. «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը հասաւ 14 669-ի

Կ'ուզեմ ներողութիւն խնդրել գործած սխալներու համար. Արսէն Թորոսեան
Յաջորդ նիւթը

Կ’ուզեմ ներողութիւն խնդրել գործած սխալներու համար. Արսէն Թորոսեան

ԱնցնիլՎեր