Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ’ընթանան ճակատային գիծի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւնները, հրետանային մենամարտերը: Լուսադէմին, կրկին անգամ խախտելով մարդասիրական հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնները, թշնամական ուժերը կրակի տակ առած են Մարտակերտ քաղաքի ու շրջակայ գիւղերու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները: Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ’ընթանան ճակատային գիծի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով: ՊԲ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու կողմէ հարաւային հատուածին մէջ խփուած է հակառակորդի մէկ ինքնաթիռ: Մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքոյ:
21 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ'ընթանան ճակատային գիծի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով

Գիշերուայ ընթացքին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւնները, հրետանային մենամարտերը:

Լուսադէմին, կրկին անգամ խախտելով մարդասիրական հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնները, թշնամական ուժերը կրակի տակ առած են Մարտակերտ քաղաքի ու շրջակայ գիւղերու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները:

Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ’ընթանան ճակատային գիծի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով: ՊԲ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու կողմէ հարաւային հատուածին մէջ խփուած է հակառակորդի մէկ ինքնաթիռ:

Մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ ստորաբաժանումներու վերահսկողութեան ներքոյ:

Հարաւային ուղղութեամբ հակառակորդի ինքնաթիռ խոցուած է
Նախորդ նիւթը

Հարաւային ուղղութեամբ հակառակորդի ինքնաթիռ խոցուած է

Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Մնացականյան-Լաւրով հանդիպումը. օրակարգի վրայ ԼՂ հարցն է
Յաջորդ նիւթը

Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Մնացականյան-Լաւրով հանդիպումը. օրակարգի վրայ ԼՂ հարցն է

ԱնցնիլՎեր