Ներկայ պահուն ճակատային գիծին վրայ տարբեր աշխոյժութեամբ կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները. ՊԲ

Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպման հետեւանքով ձեռք բերուած մարդասիրական նպատակներով հրադադարի մասին յայտարարութենէն ետք արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն լարուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւններ, հրթիռա-հրետանային մենամարտեր: Ներկայ պահուն ճակատային գիծին վրայ տարբեր աշխոյժութեամբ կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները: Առաւել թէժ մարտեր կ’ընթանան հարաւային ուղղութեամբ: Հակառակորդը լայնօրէն կը կիրառէ հարուածային թռչող սարքեր: ՊԲ ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կը դիմագրաւեն հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները եւ կը պատճառեն ցաւոտ հարուածներ:
10 Հոկտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Ներկայ պահուն ճակատային գիծին վրայ տարբեր աշխոյժութեամբ կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները. ՊԲ

Պաշտպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպման հետեւանքով ձեռք բերուած մարդասիրական նպատակներով հրադադարի մասին յայտարարութենէն ետք արցախա-ատրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն լարուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւններ, հրթիռա-հրետանային մենամարտեր:

Ներկայ պահուն ճակատային գիծին վրայ տարբեր աշխոյժութեամբ կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները: Առաւել թէժ մարտեր կ’ընթանան հարաւային ուղղութեամբ: Հակառակորդը լայնօրէն կը կիրառէ հարուածային թռչող սարքեր: ՊԲ ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կը դիմագրաւեն հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները եւ կը պատճառեն ցաւոտ հարուածներ:

Խոճալուէն Հադրութը հարուածելու մասին լուրը հիւանդ երեւակայութեան նոր մրցանիշ է
Նախորդ նիւթը

Խոճալուէն Հադրութը հարուածելու մասին լուրը հիւանդ երեւակայութեան նոր մրցանիշ է

Ատրպէյճանը հրթիռակոծեց Ստեփանակերտի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանը հրթիռակոծեց Ստեփանակերտի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները

ԱնցնիլՎեր