Նիկոլ Փաշինեանը ելոյթ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ելոյթ պիտի ունենայ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանին: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին 6 սեպտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացաանեանը, անդրադառնալով վարչապետի ԱՄՆ կատարելիք այցին: «ՀՀ վարչապետը պիտի ըլլայ Քալիֆորնիա նահանգ, եւ այնտեղ ունի օրակարգ: Պիտի ըլլայ Նիւ Եորք եւ մասնակցի ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանի բացման: Մենք շատ հետեւողականօրէն կ’օգտագործենք ՄԱԿ-ի կարեւոր հարթակը բարձր ղեկավարութեան մակարդակով մեր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգը առաջ տանելու համար: Վարչապետը ելոյթ պիտի ունենայ նստաշրջանի ժամանակ: Պիտի ըլլան երկկողմ հանդիպումներ, տարբեր այլ միջոցառումներ եւ ելոյթներ»,- ըսած է Մնացականեանը:
7 Սեպտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Նիկոլ Փաշինեանը ելոյթ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ելոյթ պիտի ունենայ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանին:

«Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին 6 սեպտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացաանեանը, անդրադառնալով վարչապետի ԱՄՆ կատարելիք այցին:

«ՀՀ վարչապետը պիտի ըլլայ Քալիֆորնիա նահանգ, եւ այնտեղ ունի օրակարգ: Պիտի ըլլայ Նիւ Եորք եւ մասնակցի ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի 74-րդ նստաշրջանի բացման: Մենք շատ հետեւողականօրէն կ’օգտագործենք ՄԱԿ-ի կարեւոր հարթակը բարձր ղեկավարութեան մակարդակով մեր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգը առաջ տանելու համար: Վարչապետը ելոյթ պիտի ունենայ նստաշրջանի ժամանակ: Պիտի ըլլան երկկողմ հանդիպումներ, տարբեր այլ միջոցառումներ եւ ելոյթներ»,- ըսած է Մնացականեանը:

Թուրքիոյ   1955 թուականի  «Սեւ սեպտեմբեր»ի  դէպքերուն վերաբերեալ Կարօ Փայլան հետաքննութիւն  կը պահանջէ
Նախորդ նիւթը

Թուրքիոյ 1955 թուականի «Սեւ սեպտեմբեր»ի  դէպքերուն վերաբերեալ Կարօ Փայլան հետաքննութիւն  կը պահանջէ

Բոլոր ընտրութիւնները մեր երկրին կը բերեն փառք ու պատիւ. Նախագահ Բակօ Սահակեանի անդրադարձը
Յաջորդ նիւթը

Բոլոր ընտրութիւնները մեր երկրին կը բերեն փառք ու պատիւ. Նախագահ Բակօ Սահակեանի անդրադարձը

ԱնցնիլՎեր