Նիկոլ Փաշինեանը Սամուէլ Կարապետեանի հետ քննարկած է անոր ղեկավարած ընկերութիւններու խումբի ներդրումային ծրագիրներու ընթացքը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ, «Հայաստանի ներդրողներու ակումբ»ի հիմնադիր Սամուէլ Կարապետեանը: Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հանդիպման զրուցակիցները անդրադարձած են տնտեսութեան ոլորտին մէջ ՀՀ կառավարութեան ծրագրերուն, գործարար միջավայրի բարելաւմանն ուղղուած քայլերուն ու բարեփոխումներուն: Այդ ծիրէն ներս քննարկուած են «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի կողմէ  իրականացուող ներդրումային ծրագիրներու ընթացքն ու ապագային նախատեսուող նախագիծերը։ Սամուէլ Կարապետեանը վստահեցուցած է, որ բոլոր մեկնարկած ծրագրերը պիտի ըլլան շարունակական:
24 Հունիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Նիկոլ Փաշինեանը Սամուէլ Կարապետեանի հետ քննարկած է անոր ղեկավարած ընկերութիւններու խումբի ներդրումային ծրագիրներու ընթացքը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ, «Հայաստանի ներդրողներու ակումբ»ի հիմնադիր Սամուէլ Կարապետեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հանդիպման զրուցակիցները անդրադարձած են տնտեսութեան ոլորտին մէջ ՀՀ կառավարութեան ծրագրերուն, գործարար միջավայրի բարելաւմանն ուղղուած քայլերուն ու բարեփոխումներուն: Այդ ծիրէն ներս քննարկուած են «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի կողմէ  իրականացուող ներդրումային ծրագիրներու ընթացքն ու ապագային նախատեսուող նախագիծերը։

Սամուէլ Կարապետեանը վստահեցուցած է, որ բոլոր մեկնարկած ծրագրերը պիտի ըլլան շարունակական:

Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակի առթիւ
Նախորդ նիւթը

Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակի առթիւ

Այցելութիւն մարտական յենակէտեր
Յաջորդ նիւթը

Այցելութիւն մարտական յենակէտեր

ԱնցնիլՎեր