Նոր լարումի հաւանականութիւնը շատ մեծ է. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի նոր յարձակման հաւանականութիւնը շատ բարձր է․  ասուլիսին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ «Պէտք է տեսնենք Ադրբեջանի շարունակուող ագրեսիւ (յարձակողական) հռետորաբանութիւնն ու քաղաքականութիւնը, որն անընդհատ աճել է: Այն աճել է 2020թ. պատերազմից առաջ եւ յետոյ: Կարծում եմ, որ այժմ շատ մեծ է էսկալացիայի (սրացման) հաւանականութիւնը ե՛ւ Հայաստանի սահմանի երկայնքով, ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղում»,- յայտարարած է Փաշինեան: Ան այս եզրակացութեան եկած է Ատրպէյճանի «աւելի ու աւելի ագրեսիւ դարձող հռետորաբանութիւնից», ինչպէս նաեւ «այլ տուեալներից»։ Ան նշած է` Հայաստանը չէ, որ կը նախաձեռնէ մագլցում եւ յարձակողական գործողութիւններ: «Այդ է պատճառը, որ Հայաստանը որոշում կայացրեց հրաւիրել Եւրամիութեան դիտորդներին: Մինչ այդ Ադրբեջանը
14 Մարտի 2023
4 ր. ընթերցում
Նոր լարումի հաւանականութիւնը շատ մեծ է. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի նոր յարձակման հաւանականութիւնը շատ բարձր է․  ասուլիսին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Պէտք է տեսնենք Ադրբեջանի շարունակուող ագրեսիւ (յարձակողական) հռետորաբանութիւնն ու քաղաքականութիւնը, որն անընդհատ աճել է: Այն աճել է 2020թ. պատերազմից առաջ եւ յետոյ: Կարծում եմ, որ այժմ շատ մեծ է էսկալացիայի (սրացման) հաւանականութիւնը ե՛ւ Հայաստանի սահմանի երկայնքով, ե՛ւ Լեռնային Ղարաբաղում»,- յայտարարած է Փաշինեան:

Ան այս եզրակացութեան եկած է Ատրպէյճանի «աւելի ու աւելի ագրեսիւ դարձող հռետորաբանութիւնից», ինչպէս նաեւ «այլ տուեալներից»։ Ան նշած է` Հայաստանը չէ, որ կը նախաձեռնէ մագլցում եւ յարձակողական գործողութիւններ:

«Այդ է պատճառը, որ Հայաստանը որոշում կայացրեց հրաւիրել Եւրամիութեան դիտորդներին: Մինչ այդ Ադրբեջանը ցանկացած էսկալացիա բացատրում էր Հայաստանի գործողութիւններով»,- ըսած է Փաշինեան` տեղեկացնելով, որ նախորդ տարի հոկտեմբերին Փրակայի մէջ եղած է նախնական պայմանաւորուածութիւն՝ սահմանի երկու կողմերուն Եւրոպական Միութեան դիտրոդներ տեղակայելու վերաբերեալ։

«Ընդ որում, Ադրբեջանի նախագահը Ֆրանսայի նախագահի եւ Եւրամիութեան Խորհրդի նախագահի ներկայութեամբ համաձայնեց, հետագայում հրաժարուեց այդ տարբերակից», – յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան։

Կրկնելով, որ մեծ է նոր լարումի հաւանականութիւնը՝ Փաշինեան շեշտած է, որ «շատ պատեհ կը լինի, որ Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուի միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն»։

Խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին մէջ կայ ե՛ւ առաջընթաց, ե՛ւ հիմնարար խնդիրներ․ Փաշինեան
Նախորդ նիւթը

Խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին մէջ կայ ե՛ւ առաջընթաց, ե՛ւ հիմնարար խնդիրներ․ Փաշինեան

«ՀԱՊԿ պաշտօնի ստանձնմամբ չենք ուզում սխալ ուղերձ յղել մեր ժողովրդին»․ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

«ՀԱՊԿ պաշտօնի ստանձնմամբ չենք ուզում սխալ ուղերձ յղել մեր ժողովրդին»․ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր