Նուպար Կիւլպէնկեանի «լիմուզին»ը վաճառքի պիտի հանուի (Լուսանկարներ)

1966 թուականի Mercedes-Benz 600 լիմուզինը, որ պատրաստուած է «նաւթային արգայ» Նուպար Կիւլպէնկեանի պատուէրով, աճուրդի պիտի հանուի 21 Սեպտեմբերին, Sotheby’s-ի մէջ։ 60-ական թուականներուն Կիւլպէնկեանը Mercedes ընկերութեան պատուիրած է լիմուզին ապակեայ տանիքով, բայց ընկերութիւնը չէ կրցած կատարել այդ խնդրանքը։ Այնուհետեւ ան գնած է սովորական ինքնաշարժ եւ այն փոխանցած ֆրանսական Henri Chapron ընկերութեան, որ կատարած է անհրաժեշտ կարգաւորումը, կը տեղեկացնէ Formacar կայքը։ Բացի ապակեայ տանիքէն, մեքենան ունի նաեւ ինքնատիպ ետեւի բազմոց, որ կը վերածուի երկտեղանոց մահճակալի, մինի-պար նստելատեղերու միջեւ, ծխախոտի պահարանիկներ եւ սարքերու վահանակ։ Կիւլպէնկեանը կ’ըսէր, որ իրեն հարկաւոր է սարքերու իր վահանակը, որպէսզի մշտապէս հետեւի վարորդին։ Կիւլպէնկեանի մահէն ետք լիմուզինը յայտնուած է անոր այգեպանի ձեռքը։
31 Օգոստոսի 2019
2 ր. ընթերցում
Նուպար Կիւլպէնկեանի «լիմուզին»ը վաճառքի պիտի հանուի (Լուսանկարներ)

1966 թուականի Mercedes-Benz 600 լիմուզինը, որ պատրաստուած է «նաւթային արգայ» Նուպար Կիւլպէնկեանի պատուէրով, աճուրդի պիտի հանուի 21 Սեպտեմբերին, Sotheby’s-ի մէջ։

60-ական թուականներուն Կիւլպէնկեանը Mercedes ընկերութեան պատուիրած է լիմուզին ապակեայ տանիքով, բայց ընկերութիւնը չէ կրցած կատարել այդ խնդրանքը։ Այնուհետեւ ան գնած է սովորական ինքնաշարժ եւ այն փոխանցած ֆրանսական Henri Chapron ընկերութեան, որ կատարած է անհրաժեշտ կարգաւորումը, կը տեղեկացնէ Formacar կայքը։

Բացի ապակեայ տանիքէն, մեքենան ունի նաեւ ինքնատիպ ետեւի բազմոց, որ կը վերածուի երկտեղանոց մահճակալի, մինի-պար նստելատեղերու միջեւ, ծխախոտի պահարանիկներ եւ սարքերու վահանակ։ Կիւլպէնկեանը կ’ըսէր, որ իրեն հարկաւոր է սարքերու իր վահանակը, որպէսզի մշտապէս հետեւի վարորդին։

Կիւլպէնկեանի մահէն ետք լիմուզինը յայտնուած է անոր այգեպանի ձեռքը։ Մեքենան քանի մը տէր ունեցած է, բայց հիանալի վիճակի մէջ է։ Վաճառողները կը նախատեսեն անոր դիմաց առնուազն 300 հազար տոլար ստանալ։

 

 

 

 

 

 

 

Հայ հակաօդայինները «Աշուլուկ» զօրավարժարանին մէջ մարզումներ  կատարած են Ս-300 համակարգերով (Լուսանկարներ)
Նախորդ նիւթը

Հայ հակաօդայինները «Աշուլուկ» զօրավարժարանին մէջ մարզումներ  կատարած են Ս-300 համակարգերով (Լուսանկարներ)

Այսօր Արցախի անկախութեան օրն է
Յաջորդ նիւթը

Այսօր Արցախի անկախութեան օրն է

ԱնցնիլՎեր