Նպատակ կայ մինչեւ զբօսաշրջային սեզոնը հայ-թրքական սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար․ Միրզոյեան

Հայաստանն ու Թուրքիան նպատակ ունին մինչեւ զբօսաշրջային սեզոնի մեկնարկը սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու ու դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձնանց համար։ Կառավարութեան 16 փետրուարի նիստին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ նախօրէին մեկնած էր Թուրքիա ու հանդիպած իր թուրք գործընկերջ հետ։ Հայաստանը որոնողափրկարարական խումբ եւ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած էր Թուրքիա։ Միրզոյեանն ըսաւ՝ թրքական կողմը գնահատանքով վերաբերած է այդ ամէնուն։ Կը նախատեսուի, որ Թուրքիա մեկնած հայ փրկարարները Երեւան վերադառնան այսօր՝ ցամաքային ճանապարհով։ Անդրադառնալով Թուրքիա կատարած այցին, Միրզոյեան ըսած է, որ քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու որոշ հարցեր, ձեռք  բերուած պայմանաւորուածութիւններ. «Որոշում կայ արագացնել երկխօսութեան գործընթացը եւ վերջնական սահմանների բացման նպատակով տեղի
16 Փետրվարի 2023
4 ր. ընթերցում
Նպատակ կայ մինչեւ զբօսաշրջային սեզոնը հայ-թրքական սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար․ Միրզոյեան

Հայաստանն ու Թուրքիան նպատակ ունին մինչեւ զբօսաշրջային սեզոնի մեկնարկը սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու ու դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձնանց համար։ Կառավարութեան 16 փետրուարի նիստին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ նախօրէին մեկնած էր Թուրքիա ու հանդիպած իր թուրք գործընկերջ հետ։

Հայաստանը որոնողափրկարարական խումբ եւ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած էր Թուրքիա։ Միրզոյեանն ըսաւ՝ թրքական կողմը գնահատանքով վերաբերած է այդ ամէնուն։ Կը նախատեսուի, որ Թուրքիա մեկնած հայ փրկարարները Երեւան վերադառնան այսօր՝ ցամաքային ճանապարհով։

Անդրադառնալով Թուրքիա կատարած այցին, Միրզոյեան ըսած է, որ քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու որոշ հարցեր, ձեռք  բերուած պայմանաւորուածութիւններ. «Որոշում կայ արագացնել երկխօսութեան գործընթացը եւ վերջնական սահմանների բացման նպատակով տեղի ունեցող գործընթացները»:

Արարատ Միրզոյեան հաստատած է՝ թրքական կողմի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է համատեղ վերականգնել Անիի կամուրջը։ Նիկոլ Փաշինեանն ալ յայտարարած է՝ Հայաստանը էսքիզային նախագիծ պատրաստած է կամուրջի վերականգնման համար, եւ այդ կրնայ խորհրդանշական քայլ դառնալ։

«Մեր գործողութիւնները հումանիտար շարժառիթ ունեն ու ունեցել են։ Բացարձակ անընդունելի եմ համարում քննադատութիւնները, որ հնչում են։ Դռնից այն կողմ միլիոնաւոր մարդիկ աջակցութեան կարիք ունեն ու անընդունելի է, որ որեւէ մէկը կարող է դրան անտարբեր մնալ»,- ըսած է Փաշինեան:

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի փորձերը արդիւնք պիտի չունենան» կը պնդեն Պաքուէն
Նախորդ նիւթը

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Հայաստանի փորձերը արդիւնք պիտի չունենան» կը պնդեն Պաքուէն

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու ցեղասպանութեան սպառնալիքի ահազանգը ամբողջ աշխարհի մէջ ամէն օրուայ հետ պէտք է աւելի ու աւելի ահագնանայ. Նիկոլ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու ցեղասպանութեան սպառնալիքի ահազանգը ամբողջ աշխարհի մէջ ամէն օրուայ հետ պէտք է աւելի ու աւելի ահագնանայ. Նիկոլ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր