Շնորհաւորական նամակ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ”Զարթօնք”ի վերահրատարակութեան առիթով

Յունիս 30, 2025   Հոգեհարազատ ընկեր Ատենապետ եւ Անդամներ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Պէյրութ, Լիբանան   Հոգեհարազատ ընկերներ, Անհուն հրճուանքով կ’ողջունենք մեր իրականութենէն ներս տպագիր «Զարթօնք»ի վերդարաձը, որուն համար սրտանց կը շնորհաւորենք ձեզ, օրաթերթին շուրջ խմբուած երախտաւորները, եւ բոլոր միւս ընկերները, որոնց ճիգերուն շնորհիւ յաջողեցաւ  ուրախառիթ այս իրագործումը։ Լաւատեղեակ ենք որ հետեւողական երարատեւ ու ջանադիր աշխատանքի արդիւնք էր  բազմաթիւ խոչընդոտներու յաղթահարումը, որուն համար բարձրօրէն կը գնահատենք ձեզ բոլորին պարտաճանաչութիւնն ու նուիրումը։ Ոչ մէկ տարակոյս ունինք, որ կուսակցական խոշորագոյն աւանդ ունեցող, 88-ամեայ, բազմավաստակ մեր պաշտօնաթերթը ամենարժանապատիւ կերպով ի կատար պիտի ածէ ազգանուէր իր առաքելութիւնը։   Բարի երթ մեր սիրելի «Զարթօնք»ին։
28 Հունիսի 2025
3 ր. ընթերցում
Շնորհաւորական նամակ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ''Զարթօնք''ի վերահրատարակութեան առիթով

Յունիս 30, 2025

 

Հոգեհարազատ ընկեր Ատենապետ եւ Անդամներ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Պէյրութ, Լիբանան

 

Հոգեհարազատ ընկերներ,

Անհուն հրճուանքով կ’ողջունենք մեր իրականութենէն ներս տպագիր «Զարթօնք»ի վերդարաձը, որուն համար սրտանց կը շնորհաւորենք ձեզ, օրաթերթին շուրջ խմբուած երախտաւորները, եւ բոլոր միւս ընկերները, որոնց ճիգերուն շնորհիւ յաջողեցաւ  ուրախառիթ այս իրագործումը։

Լաւատեղեակ ենք որ հետեւողական երարատեւ ու ջանադիր աշխատանքի արդիւնք էր  բազմաթիւ խոչընդոտներու յաղթահարումը, որուն համար բարձրօրէն կը գնահատենք ձեզ բոլորին պարտաճանաչութիւնն ու նուիրումը։

Ոչ մէկ տարակոյս ունինք, որ կուսակցական խոշորագոյն աւանդ ունեցող, 88-ամեայ, բազմավաստակ մեր պաշտօնաթերթը ամենարժանապատիւ կերպով ի կատար պիտի ածէ ազգանուէր իր առաքելութիւնը։  

Բարի երթ մեր սիրելի «Զարթօնք»ին։

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան — Ատենադպիր 

Մայք Խարապեան — Ատենապետ

Անզիջում Եւ Անընկճելի Պայքար՝ Շարունակուող Ցեղասպանութեան Դէմ
Նախորդ նիւթը

Անզիջում Եւ Անընկճելի Պայքար՝ Շարունակուող Ցեղասպանութեան Դէմ

Հայտարարություն՝ Մեր Ժողովուրդին և Մեր Հայրենիքին Հետ, Մեր Ժողովուրդին և Մեր Հայրենիքին Համար
Յաջորդ նիւթը

Հայտարարություն՝ Մեր Ժողովուրդին և Մեր Հայրենիքին Հետ, Մեր Ժողովուրդին և Մեր Հայրենիքին Համար

ԱնցնիլՎեր